Ալիեւ. «Ղարաբաղեան Տագնապի Հարցին Մէջ Բանակցութիւններու Ներուժը Տակաւին Չէ Սպառած»

Իլհամ Ալիեւ

Իլհամ Ալիեւ

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր երկրի դիւանագիտական ծառայութեան մարմիններու ղեկավարներուն խորհրդակցութեան ընթացքին յայտարարած է, որ Ազրպէյճան կ՛օգտագործէ քաղաքական եւ տնտեսական գործօնները` ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման համար:

Ազրպէյճանի ղեկավարը ընդգծած է, որ իր երկիրը` մեծցնելով իր ներուժը, ընդունակ է խնդիրը լուծելու զինուորական միջոցով:                                   «Սակայն մենք կը կարծենք, որ բանակցութիւններուն ներուժը տակաւին չէ սպառած: Քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական ճնշում կիրարկելով` մենք պիտի ձգտինք անոր, որ հարցը լուծուի խաղաղ միջոցներով: Մեր քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական ներուժը բաւական ուժեղ է, եւ այդ գործօնը դրական դեր պիտի խաղայ բանակցութիւններու գործին մէջ», ըսած է Ալիեւ: Ան ընդգծած է, որ տագնապը չի կրնար սառեցուած մնալ:

Ազրպէյճանի նախագահը ընդգծած է, որ հակառակ միջազգային միջնորդներու ջանքերուն` ոչ մէկ արդիւնք արձանագրուած է տագնապի լուծման մէջ:

«Մենք այնպիսի կարծիք ունինք, որ ղարաբաղեան հարցով զբաղող միջնորդները աւելի շահագրգռուած են իրավիճակը ձգելու ներկայ կարգավիճակին մէջ: Անոնց հիմնական հետաքրքրութիւնը կը կայանայ անոր մէջ, որ կայունութիւնը շրջանին մէջ չխախտի, եւ պատերազմ չըլլայ», ըսած է Ալիեւ:

Share this Article
CATEGORIES