Ազգային Պետական Վիճակախաղը Յաջող Ընթացք Եւ Լաւ Արդիւնքներ Ունի

Արթուր Աղաբեկեան
Անցեալ տարի սկսած Ազգային պետական վիճակախաղ ծրագիրը բաւական յաջող ընթացք ու լաւ արդիւնքներ ունի: 2013 թուականին ծախուած է 260 հազարէ աւելի վիճակախաղի տոմս, 340-էն աւելին շահած են: Իբրեւ նուէր տրամադրուող գորգերը արդէն գտած են իրենց տէրերը, իսկ Քաշաթաղի շրջանի Իշխանաձոր գիւղին մէջ այսօր կը կառուցուի 10 տուն:
Այս տուեալները տրամադրեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան:
Փոխվարչապետը ներկայացուց Ազգային պետական վիճակախաղի նպատակները, ընթացքն ու ձեռքբերումները:
«Ազգային պետական վիճակախաղը երկու ռազմավարական ծրագիրի իրականացման նպատակ ունի: Առաջինը աշխատատեղերու ստեղծումն է: Մենք այս նախաձեռնութեամբ կը խրախուսենք արցախեան այն արտադրութիւնները, որոնք մշակոյթի մաս կը կազմեն եւ կրնան դառնալ շահի իրեր` մասնաւորապէս արցախեան գորգերը կամ թութի օղիի տակառը: Անով կը խրախուսենք ե՛ւ տեղական արտադրութիւնը, ե՛ւ մշակութային արժէքները, ե՛ւ աշխատատեղերու ստեղծումը: Ազգային պետական վիճակախաղի միայն առաջին խաղարկութեամբ գորգագործութեան մարզին մէջ 2013 թուականին ստեղծուած է 146 աշխատատեղի: Երկրորդ ռազմավարական ծրագիրը, որ կեանքի կը կոչենք` վերաբնակեցման կարեւոր ծրագիրն է: Այդ մեծ, պատասխանատու գործին մէջ վիճակախաղը ստանձնած է գիւղեր ընտրելու, այնտեղ առանձնատուներ կառուցելու պատասխանատուութիւն:
«Նպատակն է` ունենալ համայնքներ, ուր կ՛ապրի 1000 եւ աւելի բնակիչ: Վիճակախաղի օրէնքով վիճակախաղին մէջ ձեւաւորուած պաշարի` ծախուած տոմսերէն եկած գումարի առնուազն 50 առ հարիւրը պէտք է հանդիսանայ շահումային ֆոնտ, իսկ մնացած 50 առ հարիւրը` այլ ծախսեր: Ազգային պետական վիճակախաղը մեծ ծախսեր չունի, մենք ընդամէնը ունինք 10 առ հարիւր միջնորդավճար այն առանձին անհատներու կամ իրաւաբանական անձերու համար, որոնք կը ծախեն մեր տոմսերը, եւ քանի մը տոկոս կազմակերպչական ծախսեր: Մնացած գումարը պետական պիւտճէին մէջ կը գրուի եւ կ՛ուղղուի վերաբնակեցման ծախսերուն:
2014 թուականի նախաձեռնութիւնը արդէն կեանքի կոչուած է այսօր: Հայ մամուլի մէջ ծախուած են վիճակախաղի տոմսերը, իսկ խաղարկութիւնը կը կայանայ այս տարուան 28 դեկտեմբերին` Արցախի համար խորհրդանշական օր` Առաջին գերագոյն խորհուրդի ընտրութիւններու օրը: Անիկա շրջանառութեան դրուած է մէկ այլ խորհրդանշական օր` 9 մայիսին:
«Հաւաքուած գումարով նորէն պէտք է շարունակենք Իշխանաձորի մէջ առանձնատուներու կառուցումը: Մէկ վիճակախաղի տոմսը կ՛արժէ 2000 դրամ: Այսինքն` փոքր ներդրումով հաւաքական պատասխանատուութեան կը հրաւիրենք մեր հայրենակիցները: Մարդը, գնելով վիճակախաղի տոմս, իր մասնակցութիւնը կ՛ունենայ թէ՛ վերաբնակեցման, թէ՛ մշակութային արժէքներու պահպանման», ընդգծեց Արթուր Աղաբեկեան:

