Ուորլիք. «Սթաթիւս Քոն Հետզհետէ Աւելի Վտանգաւոր Կը Դառնայ»

Ճէյմս Ուորլիք
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ գրած է, որ ինք հանդիպում պիտի ունենայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման յաջորդ քայլերը քննարկելու համար:
Ան աւելցուցած է, որ սթաթիւս քոն հետզհետէ աւելի վտանգաւոր կը դառնայ:
«Այսօր կը մեկնիմ Ուաշինկթընէն հանդիպելու համար ԵԱՀԿ-ի համանախագահներուն` քննարկելու համար Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման յաջորդ քայլերը: Սթաթիւս քոն հետզհետէ աւելի վտանգաւոր կը դառնայ», գրած է ամերիկացի համանախագահը:
CATEGORIES Հայկական

