Նախագահ Սարգսեան Սկսաւ Լատինական Ամերիկա Իր Պաշտօնական Այցելութեան Առաջին Կանգառը` Արժանթին
Պաշտօնական այցելութեամբ Արժանթին գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ Արժանթինի Հանրապետութեան փոխնախագահ, Ծերակոյտի նախագահ Ամատօ Պոտուի հետ:
Նկատի առնելով, որ Արժանթինի նախագահ Քրիսթինա Ֆերնանտես Տը Քիրչներ առողջական խնդիրներու պատճառով յետաձգած էր իր մասնակցութեամբ բոլոր պաշտօնական ձեռնարկները, որոնց շարքին` 9 յուլիսին երկրի ազգային տօնին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկները, արժանթինեան կողմին հետ բանակցութիւնները տեղի ունեցան Արժանթինի Հանրապետութեան փոխնախագահ Պոտուի գլխաւորած բարձրաստիճան պատուիրակութեան հետ:
Արժանթինի փոխնախագահ Ամատօ Պոտու դրուատանքով խօսեցաւ արժանթինահայ համայնքին մասին, որ, ըստ անոր, ոչ միայն մեծ, այլեւ ազդեցիկ համայնք է եւ մեծ դեր ունի հայ-արժանթինեան կապերու սերտացման գործին մէջ: Ան ընդգծեց, որ հակառակ երկու երկիրներու աշխարհագրական հեռաւորութեան, երկու ժողովուրդները ջերմ բարեկամական կապեր ունին եւ միջպետական յարաբերութիւնները յաջողութեամբ կը զարգանան:
Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ Հայաստան շատ կարեւոր կը նկատէ Արժանթինի հետ յարաբերութիւնները, որոնք կը դրսեւորուին յաճախ տեղի ունեցող երկկողմանի բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւններով: Նախագահ Սարգսեան պատրաստակամութիւն յայտնեց խորացնելու հայ-արժանթինեան յարաբերութիւնները քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ այլ մարզերու մէջ:
Նախագահ Սարգսեան մեծապէս կարեւոր նկատեց նաեւ արժանթինահայ համայնքին դերը երկկողմանի բարեկամական յարաբերութիւններուն մէջ, որոնց շարքին առեւտրական-տնտեսական կապերու ամրապնդման գործին մէջ: Նախագահը պատահական չնկատեց, որ հայաստանեան տնտեսութեան մէջ մեծագոյն ներդրողներէն մէկը Արժանթինն է:
Հանդիպման ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեց Արժանթինի նախկին նախագահ Նեսթոր Քիրչների անմիջական աջակցութեամբ ընդունուած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող օրէնքի ընդունման համար եւ ընդգծեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ, որոնց շարքին` Արժանթինի մէջ:
Բանակցութիւններու աւարտին ստորագրուեցան զանազան մարզերու մէջ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան զարգացման եւ խորացման ուղղուած շարք մը փաստաթուղթեր:
Նախագահ Սարգսեան պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Արժանթինի արտաքին գործոց նախարար Հեքթոր Մարքոս Թիմերմանի հետ, ինչպէս նաեւ արժանթինահայ անուանի գործարար Էտուարտօ Էռնեկեանի հետ:
Հանդիպում` Պուենոս Այրեսի Քաղաքապետին Հետ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ Պուենոս Այրեսի քաղաքապետ Մաուրիսիօ Մաքրիի հետ:
Կողմերը կարեւոր նկատեցին երկու երկիրներու ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդումը, մշակութային արժէքներու փոխադարձ ճանաչելիութիւնը` ընդգծելով, որ այդ ուղղութեամբ առաջին քայլը կատարուած է շուրջ մէկուկէս տասնամեակ առաջ` Պուենոս Այրեսը եւ Երեւանը քոյր քաղաքներ հռչակելով:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Պուենոս Այրեսի քաղաքային իշխանութիւններուն Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու, ինչպէս նաեւ Պուենոս Այրեսի մէջ ցեղասպանութեան թանգարան հիմնելու որոշումին համար, որ, ըստ նախագահին, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման գործին մէջ Արժանթինի կողմէ անգամ մը եւս անգնահատելի քայլ է:
Նախագահ Սարգսեան նաեւ շնորհաւորեց քաղաքապետը եւ Արժանթինի բարեկամ ժողովուրդը Անկախութեան օրուան առիթով եւ կատարեց բարեմաղթանքներ:
Հանդիպման աւարտին քաղաքապետ Մաուրիսիօ Մաքրի Հայաստանի նախագահի այցելութեան առիթով անոր յանձնեց Պուենոս Այրեսի բանալին եւ քաղաքի Պատուաւոր այցելուի պատուոյ գիրը: Քաղաքապետարանէն մեկնելէն առաջ նախագահ Սերժ Սարգսեան գրառում ձգեց քաղաքապետարանի պատուաւոր հիւրերու գիրքին մէջ:
Հանդիպում` Արժանթինահայ Համայնքի
Ներկայացուցիչներուն Հետ
Արժանթինի Հանրապետութիւն պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան 7 յուլիսի երեկոյեան հանդիպում ունեցաւ արժանթինահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Արժանթինահայ համայնքի անդամները նախագահ Սերժ Սարգսեանի այցելութեան առիթով հանդէս եկան համայնքին կողմէ պատրաստուած մշակութային ձեռնարկով:
Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք համայնքին նշեց, որ 8 յուլիսին Պուենոս Այրեսի մէջ յիշարժան իրադարձութիւն պէտք է ըլլայ` պիտի հիմնադրուի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանը, Արժանթինի հայ համայնքին նուիրած է ֆրանսահայ նկարիչ Ժանսեմի` ցեղասպանութեան նիւթով նկարած աշխատանքներէն մէկը, որ հռչակաւոր գեղանկարիչը փոխանցած էր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին: Սերժ Սարգսեան գեղանկարը սիրով յանձնած է արժանթինահայ համայնքին` իբրեւ Պուենոս Այրեսի մէջ բացուելիք Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի առաջին ցուցանմուշ:
Համայնքը նախագահ Սերժ Սարգսեանին նուիրած է պետական իշխանութեան նախագահական գաւազան: Այդ գաւազանը նախագահին յանձնուած է Հայ առաքելական Ս. եկեղեցւոյ Արժանթինի հայոց թեմի առաջնորդ Գիսակ արք. Մուրատեան:
Համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին Սերժ Սարգսեան անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի շեմին Թուրքիոյ իրականացուցած քայլերուն:
«Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը նոյնիսկ կը խօսի հայերուն եւ թուրքերուն մօտ «արդար յիշողութիւն» ստեղծելու անհրաժեշտութեան մասին: Սակայն իր յաջորդ քայլով իսկ կը փորձէ ականապատել արդարութիւնը` հաւասարութեան նշան դնելով մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերուն, որոնք հիմնականին մէջ ծերեր, կիներ եւ երեխաներ էին, եւ Օսմանեան կայսրութեան յանցագործ ղեկավարներու արկածախնդրութեան պատճառով Առաջին աշխարհամարտին զոհուած թուրք զինուորներուն միջեւ», ըսաւ ան:
Հայաստանի նախագահը նաեւ անդրադարձաւ սուրիահայերու խնդիրին. «Ինչպէս գիտէք, այսօր սուրիահայութիւնը կը շարունակէ դժուարին իրադրութեան մէջ մնալ: Այսօր ատիկա մեր մեծագոյն մտահոգութիւնն է: Մենք կ՛ընենք մեր կարելին եւ կը շարունակենք մեր աշխատանքը` անոնց համար արժանապատիւ կեցութիւն ապահովելու համար: Վստահ եմ, որ աշխարհագրական հեռաւորութիւնը ձեզի համար խոչընդոտ չէ, եւ սուրիահայ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն տառապանքը արձագանգ կը գտնէ ձեր սրտերուն մէջ: Որեւէ կասկած չունիմ, որ ինչպէս ամբողջ աշխարհի մէջ, այնպէս ալ Արժանթինի մէջ իւրաքանչիւր հայու սիրտ կը ցաւի ամէն մէկ հայու թափած արցունքին ու տառապանքին համար: Ուստի կը յորդորեմ ձեզի առաւել աշխուժ ներգրաւուիլ համազգային խնդիրներու լուծման գործին մէջ: Մենք նախանձախնդիր ենք սփիւռքի հետ կապերու ամրապնդման հարցին մէջ»:
Սերժ Սարգսեան արժանթինահայերուն յորդորած է նաեւ հայրենիքի մէջ ներդրումներ կատարել եւ «շահոյթ ստանալով` միաժամանակ կառուցել մեր բոլորի երազանքներու երկիրը»:
Հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման, հայապահպանութեան գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին, ինչպէս նաեւ աշխուժ հասարակական եւ բարեգործական գործունէութեան համար Արժանթինի հայ համայնքի շարք մը գործիչներ եւ բարեկամներ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հրամանագիրով պարգեւատրուած են Հայաստանի Հանրապետութեան մետալներով: «Մխիթար Գոշ»-ի մետալով պարգեւատրուած են իրաւագէտ, Արժանթինի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախկին նախարար Լէոն Կառլոս Արսլանեան, հասարակական-քաղաքական գործիչ, «Խտրականութեան, ցեղասպանութեան եւ այլատացութեան դէմ պայքարի հիմնարկ»-ի տնօրէն Փետրօ Մուրատեան, հասարակական-քաղաքական գործիչ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան: Համայնքային ազգային կառոյցներու քանի մը ներկայացուցիչներ, բարերարներ եւ աշխուժ գործիչներ եւս պարգեւատրուած են «Մխիթար Հերացի»-ի, «Մովսէս Խորենացի»-ի մետալներով: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան յանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւները, շնորհաւորած պարգեւատրուածները եւ մաղթած յաջողութիւններ:

