Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Վստահութիւն ունեցէք ձեր ներքին ձայնին, այն ատեն պիտի կարենաք տեսնել իրականութիւնը եւ երեւոյթներէն դուրս գալով` պիտի զգաք ձեր ուժը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Լաւատես եղէք, յաջողութիւնը մօտեցած է: Աննշան հարցերու համար մտահոգուիլը անիմաստ է: Դուք կրնաք յաղթահարել ամէն դժուարութիւն. հաւատացէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Աշխատանքի մէջ պիտի ցուցաբերէք լաւ կեցուածք եւ լաւ արդիւնք: Շարունակեցէք ձեր ընթացքը, որ ձեզ պիտի առաջնորդէ դէպի նախանձելի յաջողութիւն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Լաւ քուն մը քնանալէ ետք ձեր առաւօտը պիտի ըլլայ նոյնքան յաջող: Պէտք է գիտնալ, թէ քունն ալ կարեւոր է սնունդի չափ: Յարգեցէք քունի ժամը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Սիրոյ պատմութիւն ունիք, շատ լաւ ճամբու վրայ է ան, ուրեմն ջանացէք ամուր պահպանել, որպէսզի յարատեւէ ձեր կեանքին ուրախութիւնը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Պիտի կատարէք ցուցադրութիւն մը, որ յաջողութեամբ պիտի պսակուի: Անցեալի ձեր յաջողութիւնները պիտի կրկնուին: Օրերը գեղեցիկ պիտի անցնին:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեզի պիտի առաջարկուի աշխատանք մը` ճիշդ ձեր ճաշակին յարմարող: Ընդունեցէք անմիջապէս, որովհետեւ պիտի բարելաւէ ձեր կեանքը: Ուրախացէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Դրական փոփոխութիւն մը պիտի ունենաք ձեր աշխատանքին մէջ: Այս նորութիւնը պիտի բարեփոխէ ձեր կենցաղը` աւելի յուսատու ապագայի մը համար:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կենսանիւթի օգտագործումը անհրաժեշտ է, երբ ունիք հեւքոտ աշխատանք: Առանց տնտնալու` դիմեցէք այս միջոցառման, գոհ պիտի մնաք եւ առողջ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Հոգեմտաւոր տրամադրութիւն մը ձեզ պիտի մղէ հետեւելու կենսական գործունէութեան, որ երջանկաբեր պիտի ըլլայ: Հեռացէք աղմկոտ վայրերէ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ամիսը շատ բախտաբեր պիտի ըլլայ, հետեւաբար սկսեցէք այժմէն իսկ մտածելու տօնական պատրաստութիւններու մասին: Բարեկամներ հրաւիրեցէք, զուարճացէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ցոյց տուէք ձեր կարողութիւնը եւ կարողականութիւնը եւ նոյն գործին վրայ մի՛ մնաք: Փոփոխութիւններ բերէք ձեր առօրեային մէջ: Կրնաք ընել:

