50 Տարի Ետք (10 Յուլիս 1964)
Խմբագրական
Պէտք Է Պատրաստուիլ
Գաղթաշխարհի տարածքին վրայ ապրող հայութեան համար, որքան կը մօտենայ ապրիլեան եղեռնի յիսնամեակի թուականը, այնքան աւելի շեշտուած կերպով ի յայտ կու գայ այդ առթիւ, մեր բազմաչարչար ժողովուրդին դատը ի սփիւռս աշխարհին ծանօթացնելու, մեր իրաւունքները արժեցնելու անհրաժեշտութիւնը:
Չկայ հայ մը, որ չզգայ այդ անհրաժեշտութեան հրամայական բնոյթը: Ընդհանուր է այն համոզումը, թէ յիսնամեակները կորսնցնելիք առիթներ չեն, որքան ալ արիւնալի յիշատակներու պատկերներ արթնցնեն մեզմէ իւրաքանչիւրի մտքին մէջ: Պէտք է օգտագործուին առաւելագոյն չափով, մանաւանդ երբ արդար Դատի պահանջը ժողովուրդի մը սեղանին վրայ է, երբ այդ ժողովուրդը, իր բոլոր պառակտումներէն եւ ներքին վէճերէն վեր, միակամ ու միահամուռ կերպով կը հանդիսանայ պահանջատէրը արիւնագիր մուրհակի մը, որուն համար ծովերով արիւն թափեց եւ միլիոններով նահատակ թողուց անապատի աւազներուն վրայ:
Բայց չի բաւեր պահանջատէր ըլլալ: Պէտք է նաեւ արժեցնել այդ պահպանջը, դիմել գործնական բոլոր միջոցներուն, մեծ ճիգ թափել փոքր չափով մը իսկ սատարելու համար այն պայքարին, որ ամբողջ ժողովուրդ մը կը մղէ ի խնդիր իր անկախութեան եւ հողային ամբողջականութեան:
Հայութիւնը, գաղթաշխարհի մէջ, լաւագոյն միջոցները ունի այս ուղղութեամբ, միջազգային գետնի վրայ պայքար շղթայազերծելու: Իւրաքանչիւր հայ դեսպան մըն է` հայութեան բաղձանքներուն եւ պահանջներուն փողահարը հանդիսանալու համար իր գտնուած երկրին մէջ:
Բայց այդ բոլորը կրնան միայն մթնոլորտ ստեղծել, խանդավառել ու մոռցուիլ, եթէ կազմակերպուած աշխատանք մը չգայ լրացնելու մեզմէ իւրաքանչիւրին ճիգը` ի խնդիր Հայ դատին:
Մինչեւ հիմա, այդ ուղղութեամբ կատարուած բոլոր աշխատանքները, հակառակ ամէն բարեացակամութեան, կազմակերպական տեսակէտէն խոշոր թերութիւններ կը պարզէին: Կազմակերպուած չէր աշխատանքը, ու նման հարցերու պարագային, այսպիսի թերացում մը կրնայ ճակատագրական ըլլալ եւ նպատակին չհասցնել գործ մը, որքան ալ կենսական ըլլայ ան:
Քարոզչական մարզի մէջ ցարդ նկատառելի աշխատանք չէ կատարուած: Հոս ու հոն եղած ձեռնարկները, հակառակ իրենց գովելի նախանձախնդրութեան, մնացած են նեղ շրջանակի մէջ, չեն դարձած սեփականութիւնը լայն զանգուածներու:
Պէտք է ընել այնպէս մը, որ յառաջիկայ ամիսներէն սկսեալ, մասնաւորաբար 1965-ին ընթացքին, Հայ դատը, իր բոլոր երեսներով` քաղաքական ու մարդկային, դառնայ սեփականութիւնը ոչ միայն պետական շրջանակներու եւ վարիչ անձնաւորութիւններու, այլ նաեւ` ժողովրդային լայն զանգուածներու, որոնք վստահաբար պիտի չհանդուրժեն ազնուական ժողովուրդի մը դէմ գործուած մեծ անիրաւութեան մը յաւերժացման, մանաւանդ այս օրերուն, երբ ազգերու անկախութեան եւ գերիշխանութեան սկզբունքը տիրապետող է ամէնուրեք:
Պէտք է պատրաստուիլ համազգային այս մեծ ձեռնարկին համար: Միակամ ու միաճակատ` ըստ էութեան, հոգ չէ թէ տարբեր ուղղութիւններով եթէ տակաւին միութիւնը կարելի չէ` ըստ ձեւի:
Հայութիւնը պէտք է զգացնէ, որ հակառակ յիսնամեակի մը մաշումին, հակառակ այլասերման բոլոր վտանգներուն եւ ճերմակ ջարդին, ինք առաջին օրերու ուժգնութեամբ եւ հաւատքով, կը մնայ պահանջատէրը ազգային իր սրբազան իրաւունքներուն:
Տակաւին առիթը կ՛ունենանք յստակացնելու որոշ մտքեր եւ արծարծելու որոշ խնդիրներ:
Այսքանը բաւական է առայժմ` շեշտը դնելու համար անհրաժեշտութեան մը վրայ, պատրաստուելով յիսնամեակի մը պայքարին:
Ներքին Կեանք
Պէյրութի Ջուրի
Գրասենեակի Պաշտօնեաները
Գործադուլի Դիմեցին
Պէյրութի ջուրի գրասենեակի պաշտօնեաներն ու բանուորները երէկ առտու անակնկալ գործադուլ մը շղթայազերծեցին` իրենց նոր կանոնագրին վաւերացումը ուշացած ըլլալով:
Մեկնաբանելով այս խնդիրը` հանրօգուտ շինութեանց նախարարութեան բանբերը յայտարարեց, թէ գրասենեակին պաշտօնեաները շփման մէջ մտան գրասենեակի վարչական խորհուրդի նախագահ Մալէք Սալամի ու ընդհանուր տնօրէն Հանրի Լահուտի հետ` իրենց պարագան ներկայացնելու համար հանրօգուտ շինութեանց նախարար Ժորժ Նաքքաշի:
Քաղաքին ջուրի հայթայթումը չվնասուեցաւ` ջրմուղի կայաններու պաշտօնեաներն ու բանուորները իրենց պաշտօնին վրայ մնացած ըլլալով:
Պհամտունի Մէջ Երթեւեկը Կանոնաւորող
Ոստիկանը Լուսափայլ Է
Պհամտուն երթեւեկի ջոկատի նորութեանց փորձադաշտ ծառայելու առանձնաշնորհումը ունի: Անցեալ տարի, այս եղանակին, Պհամտունի մէջ ոստիկան-զինուորը երթեւեկը կը կանոնաւորէր ֆոսֆորափայլ գաւազանով մը: Այս տարի աւելի լաւը գտնուած է: Ոստիկան-զինուորը անձնապէս դարձած է ֆոսֆորափայլ: Լուսաւոր ամփուլներով ծածկուած փոկ մը զայն տեսանելի կը դարձնէ հարիւրաւոր մեթր հեռուէն:

