«Չեմփիընզ Լիկ». Բանանց Թէեւ Յաղթեց, Բայց Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Բանանցի կազմը
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Բանանց դարձի իր կատարած ճակատումին թէեւ Երեւանի Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ 3 – 2 արդիւնքով յաղթեց Սանթա Քոլոմային, սակայն դուրս մնաց մրցաշարքէն` նկատի ունենալով, որ անոր մրցակիցը, որ երթին 1 – 0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր, օգտուելով օտար դաշտի վրայ կոլ նշանակելու առաւելութենէն, ինք անցաւ յաջորդ հանգրուան:
Երէկուան մրցումին հայրենի կազմին կոլերը նշանակեցին Ռումիան Յովսէփեան (29-րդ եւ 56-րդ` փենալթիով) եւ Գարեգին Մաշումեան (47-րդ):
Նշենք, որ Բանանց մրցումը աւարտեց տասը մարզիկով, երբ Գէորգ Նռանեան 68-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Պէտք է նշել, որ Բանանց ինք պիտի ըլլար յաջորդ հանգրուան հասնողը, եթէ հիւր կազմը իր երկրորդ կոլը չնշանակէր մրցումին կորսուած` 94-րդ վայրկեանին:

