Էշլի Քոլ Միացաւ Ա. Էս. Ռոմայի

0807ashley-coleԱնգլիացի միջազգային նախկին յետսապահ Էշլի Քոլ, որ նախորդ տարեշրջանին լքեց Չելսին, միացաւ Ա. Էս. Ռոմայի` երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով անոր հետ:

33 տարեկան Քոլ, որ լոնտոնեան կազմը լքելէն ետք դարձաւ ազատ մարզիկ մը, տարեկան իր նոր ակումբէն պիտի գանձէ 2,3 միլիոն եւրօ, կը յայտնէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

Նշենք, որ 13 տարիներուն ընթացքին Քոլ, որ 107 անգամ կրած է Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը, Չելսիի հետ տիրացած է ութ տարբեր տիտղոսներու:

Share this Article
CATEGORIES