Հայկական Ֆութպոլ. Ախոյեանութեան Եւ Բաժակի Մրցումներուն Վիճակաձգութիւնը Յետաձգուեցաւ
Սկզբունքով այսօր` չորեքշաբթի, 9 յուլիսին տեղի պիտի ունենար Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն եւ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան, ինչպէս նաեւ բաժակի մրցաշարքին մրցումներուն վիճակաձգութիւնը` Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ:
Սակայն ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ թեքնիք պատճառներով անոր կայացումը յետաձգուեցաւ անորոշ թուականով:
CATEGORIES Մարզական

