«Եուրոփա Լիկ». Ասթանա – Փիւնիկ Մրցումին Հսկողը` Ազրպէյճանցի
10 յուլիսին «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ Փիւնիկ հիւրը պիտի ըլլայ Ասթանայի:
Armsport.am հայկական լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Պիելոռուսիայէն:
Սակայն, «Եու.Է.Էֆ.Ա.»-ին որոշումով, այս մրցումին հսկողը նշանակուած է ազրպէյճանցի Ասիմ Խուտիեւ:
Նշենք, որ երթին իր դաշտին վրայ Փիւնիկ 4 – 1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց:
CATEGORIES Մարզական

