Հեծելարշաւ. Լիբանան Առաջին` Արաբական Երկիրներու Դասաւորման Մէջ

Լիբանանեան պատուիրակութիւնը նախքան Լեհաստան մեկնիլը
Միջազգային հեծելարշաւի ֆետերասիոնին կողմէ յունիս ամսուան ընթացքին հրապարակուած նոր դասաւորման մէջ Լիբանան փաստեց, որ տիրական ներկայութիւն մըն է այս մարզին մէջ` նկատի ունենալով, որ անիկա գրաւեց առաջին դիրքը` արաբական երկիրներու դասաւորման մէջ:
Իսկ ասիական դասաւորման մէջ Լիբանան 142 կէտով կը գրաւէ 7-րդ դիրքը` գերազանցելով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները (9-րդ, 129 կէտ), Իրաքը (17-րդ, 27 կէտ) եւ Քաթարը (8 կէտ):
Ասիական դասաւորման մէջ առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Իրան (1091 կէտ), որուն կը յաջորդեն Ղազախստան եւ Ճափոն (299-ական կէտ):
Ինչ կը վերաբերի արաբական անհատական դասաւորման, Լիբանանէն Զահեր Հաժ կը գրաւէ 53-րդ դիրքը (40 կէտ), իսկ Հասան Հաժ` 71-րդ դիրքը (30 կէտ):
Այլ գետնի վրայ, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Լեհաստան` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 8 – 14 յուլիսին տեղի ունենալիք արաբական համալսարաններու 2014-ի աշխարհի ախոյեանութեան:
Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղարը` Ապտօ Նատեր, իսկ մարզիկներն են` Էլիա Ապու Ռաշիտ, Հասան Հաժ եւ Պրունօ Տապաղեան:

