2014-ի Մոնտիալ. Գերմանիա 7 – 1 Արդիւնքով Ջախջախեց Հիւրընկալ Երկիրը` Պրազիլը

Միրոսլաւ Քլոզը
Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի կիսաւարտականի առաջին ճակատումին, որ տեղի ունեցաւ «Էսթատիօ Մինէյրօ»-ի մէջ, հիւրընկալ երկիրը` Պրազիլ, ամօթալի պարտութիւն մը կրեց իր մրցակիցէն` Գերմանիայէն` 7 – 1 արդիւնքով (կիսախաղ` 5 – 0)` 58 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Մինչ Պրազիլի այս պարտութիւնը եղաւ անսպասելի եւ ամօթալի, անդին Գերմանիոյ յաղթանակը եղաւ պատմական:
Ասկէ բացի, Գերմանիոյ երկրորդ կոլը նշանակած Միրոսլաւ Քլոզը (23-րդ) հանդիսացաւ Մոնտիալներու պատմութեան լաւագոյն ռմբարկուն` նկատի ունենալով, որ ան 16-րդ կոլը նշանակելով շրջանցեց պրազիլցի նախկին յառաջապահ Ռոնալտոյի հաստատած մրցանիշը (15 կոլ):
Այժմ 36 տարեկան Քլոզը Մոնտիալներու պատմութեան մէջ կը հանդիսանայ լաւագոյն ռմբաձիգը:

Գերմանական ուրախութիւն
Ինչ կը վերաբերի նշանակուած կոլերուն, Գերմանիոյ կոլերը նշանակեցին Թոմաս Մէօլըր (11-րդ), Միրոսլաւ Քլոզը (23-րդ), Թոնի Քրուս (24-րդ եւ 26-րդ), Սեմի Խետիրա (29-րդ) եւ Անտրէ Շիւրլէ (69-րդ եւ 79-րդ): Իսկ Պրազիլի պատուոյ կոլը նշանակեց Օսքար (90-րդ):
Օրուան կեդրոնի իրաւարարն էր մեքսիքացի Մարքօ Ռոտրիկեզ:
Աւարտականին, Գերմանիա իր դէմ պիտի ունենայ Արժանթին-Հոլանտա մրցումին յաղթականը: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր, գիշերուան ժամը 23:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):

Պրազիլցիք կու լան իրենց խումբին կրած ծանր պարտութեան համար

