Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Հայրապետական Մաղթանք Արամ Ա. Կաթողիկոսի
Ընտրութեան Եւ Օծման 19-րդ Տարեդարձի Առթիւ

Նոր Ջուղա

2906nor-choughaՅունիս 29-ին, Նոր Ջուղայի Ս. Յովհաննու եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ տեղի ունեցաւ հայրապետական մաղթանք` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 19-րդ տարեդարձի առիթով:

Թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան իր քարոզի մէջ անդրադարձաւ վեհափառ հայրապետի նուիրեալ ծառայութեան բազում երեսներուն: Ան խօսելով վեհափառ հայրապետի բազմատեսակ գործունէութեան մասին` շեշտեց, որ անոր շնորհիւ` Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին միջազգային զանազան ատեաններու  ուշադրութեան կեդրոն դարձած է եւ իր արժանիքները ի սպաս դրած է ո՛չ միայն հայութեան, այլեւ` համայն քրիստոնեայ աշխարհի հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներու պահպանման ու զարգացման նուիրական աշխատանքին մէջ:

 

Թեհրան

2906tehranՅունիս 29-ին, առաջնորդանիստ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ սուրբ պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ հայրապետական մաղթանք Արամ Ա. կաթողիկոսի կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 19-րդ տարեդարձին առիթով:

Թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի անձին, յատկանիշերուն եւ եկեղեցական ու ազգային կեանքին մէջ ունեցած ներդրումին եւ մեծ դերակատարութեան, զոհողութեան, ծառայութեան, ինչպէս նաեւ հոգեւորական, մտաւորական, մշակութային, շինարարական, վարչական, կազմակերպչական, ժողովական, քաղաքական ու դիւանագիտական միջազգային ու համաշխարհային մակարդակով ունեցած կարողութեան, արժէքներուն, հեղինակութեան ու վայելած յարգանքի զանազան երեսներուն:

 

Միացեալ Նահանգներ

2906hayrabedaganՅունիս 29-ին, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 19-րդ տարեդարձը եւ տեղի ունեցաւ հայրապետական մաղթանք:

Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան իր պատգամին մէջ աղօթեց, որ Աստուած անսասան պահէ Կիլիկեան Ս. Աթոռն ու միաբանական ուխտը, որպէսզի իբրեւ փարոս ան շարունակէ լուսաւորել մեր կեանքը, անշեղ պահէ մեզ քրիստոնէական մեր սուրբ հաւատքին մէջ ու մեր ազգային դարաւոր պահանջատիրութիւնը իրագործումներով պսակէ:

Այս առիթով, առաջնորդը շնորհաւորական գիր մը յղեց վեհափառին:

 

Ատրպատական

ՀՄԱԿ-ի Թաւրիզի Մասնաճիւղին Մէջ
Երիտասարդութեան Համար Նոր Խաղավայրի Բացում

2706GameHallՅունիս 27-ին  ՀՄԱԿ-ի Թաւրիզի մասնաճիւղի շրջափակին մէջ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան բացումը կատարեց երիտասարդութեան համար նոր փակ խաղավայրի:

«Արարատ»-ի Թաւրիզի մասնաճիւղի վարչութեան նախագահ Նժդիկ Աբրահամեան իր բարի գալուստի խօսքին մէջ ներկայացուց մասնաճիւղին ապագայ ծրագիրները:

Սրբազանը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց բոլորին` իրենց այս իրագործումին համար:

 

 

Թեհրան

Ռուսիոյ Դեսպանին Այցը`
Ազգային Առաջնորդարան

2606tesbanՅունիս 26-ին Իրանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Լեւոն Ջաղարեան այցելեց Ազգային առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցաւ թեմի առաջնորդ  Սեպուհ արք. Սարգիսեանին հետ:

Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազանին` իր ջերմ ընդունելութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր: Դեսպանը յայտնեց նաեւ, որ օգոստոսին Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցիէն պատուիրակութիւն մը  պիտի այցելէ Թեհրան` Մշակոյթի եւ իսլամական հաղորդակցութեան միջազգային կազմակերպութեան Կրօններու Երկխօսութեան կեդրոնի հրաւէրով` կրօնական երկխօսութեան համար:

Առաջնորդ սրբազանը իր հերթին ողջունեց դեսպանը, գնահատեց անոր գործունէութիւնը եւ մեծապէս շեշտեց կարեւորութիւնը Ռուսիոյ քաղաքական եւ կրօնական դերակատարութեան` շրջանին մէջ:

Հանդիպման աւարտին դեսպանը յայտնեց նաեւ, որ Ռուսիոյ նախագահ Փութին 24 ապրիլ 2015-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով,  ընդառաջելով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հրաւէրին, Հայաստան պիտի մեկնի` որպէս զօրակցութիւն հայ ժողովուրդին:

 

Յունաստան

Ընդունելութիւն` Ի Պատիւ Յունաստանի
Հայոց Թեմի Առաջնորդ
Խորէն Արք. Տողրամաճեանի

Khoren-srpazan_4-7-14Յունաստանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ու Կրօնական ժողովի նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ` չորեքշաբթի, 2 յուլիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Աթէնքի Առաջնորդանիստ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն, դիմաւորելու համար թեմիս առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանը, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ արժանացաւ «Արքութեան» տիտղոսին:

Սրբազան հօր առաջնորդութեամբ եւ եկեղեցւոյ զանգերու ղօղանջներով հոգեւոր դասը «Հրաշափառ»-ով մուտք գործեց եկեղեցի, ուր շարուած էին ՀՄԸՄ-ի տարազաւոր արի-արենուշները:

Օրուան բացումը կատարեց Աթէնքի հոգեւոր հովիւ  Հրայր Ա. քհնյ. Նիկոլեան, որ դիպուկ տողերու մէջ եւ զգայուն արտայայտութիւններով ներկայացուց սրբազան հօր կեանքի հանգրուանները` իր պատանեկութեան տարիներէն մինչեւ տարբեր գաղութներու մէջ իր վարած պաշտօններն ու ստանձնած առաքելութիւնները:

Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Յովհաննէս աբղ. Սաղտճեանը ընթերցեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի կոնդակը, որով արքութեան տիտղոս կը շնորհէր յունահայ թեմակալ առաջնորդին:

Ողջոյնի խօսքեր արտասանելու համար հրաւիրուեցան յաջորդաբար` Ազգային վարչութեան ատենապետ, Արա Մանկոյեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Քերոբ Էքիզեան, Հայաստանին դեսպանին անունով` հիւպատոս Մարիամ Յարութիւնեան: Հայ Աւետարանական համայնքի վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեանի անունով ողջոյնի խօսք արտասանեց Աւետարանական եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան ատենապետ Սիլվա Ներսէսեան: Հայ Կաթողիկէ համայնքին կողմէ յարգանքի խօսք ուղղեց Տ. Ռաֆայէլ քհնյ. Շէֆիքեան: ՀԿԽաչի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սեդա Յովակիմեան, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յովսէփ Պարազեան, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան անդամ քոյր Գոհար Ալեանաքեան եւս իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին:

Աւարտին խօսք առաւ սրբազան հայրը, որ իր խորին շնորհակալութեան խօսքը ուղղելով` ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած բոլոր միութիւններու ներկայացուցիչներուն, ներկայ համագումարեալ ժողովուրդին, որ իր ներկայութեամբ եկած էր յարգելու իր հոգեւոր առաջնորդը:

Հանդիսութեան փակումը տեղի ունեցաւ դպրաց դասին կողմէ երգուած «Կիլիկիա» մաղթերգով եւ Հայաստանի քայլերգով:

Յունահայոց Ազգային վարչութիւնը եւ Ատտիկէի շրջանի չորս Թաղային խորհուրդներու ներկայացուցիչներ սրբազան հօր նուէրներ յանձնեցին:

Հրայր Ա. քհնյ. Նիկոլեանը իր փակման խօսքէն ետք ժողովուրդը հրաւիրեց «Սավաս» ճաշարանը` պաշտօնական ընթրիքի մասնակցելու:

 

Միացեալ Նահանգներ

Նաւասարդեան Խաղերու Յաղթանակի
Պարահանդէսը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ

2806navasartianՅունիս 28-ին, ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու ընտանիքը 39-րդ Նաւասարդեան խաղերու յաջողութիւնները տօնեց աւանդութիւն դարձած յաղթանակի շքեղ պարահանդէս-ճաշկերոյթով, Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը գտնուող «Քուփըր տիզայն սփէյս» պատմական շէնքի սրահին մէջ:

Ելոյթ ունեցան Նաւասարդեան խաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Մհեր Դաւիթեան, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Աբրահամեան  եւ 39-րդ Նաւասարդեան խաղերու պատուոյ նախագահ Պետիկ Ֆերմանեան, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ իւրաքանչիւրս պէտք է պարտք զգանք մեր ապագայ սերունդին եւ հայ երիտասարդներուն համար օրինակելի դառնալ, որպէսզի անոնք եւս հետեւին մեր քայլերուն, եւ անոնց սիրտերուն մէջ ցանենք ՀՄԸՄ-ի սէրը, աւելցնելով, որ միասին աշխատելով` կրնանք հրաշքներ գործել, ՀՄԸՄ-ը եւ հայ ազգը բարձր պահել: Ան յորդորեց բոլորը` նորոգելու իրենց ուխտը, թիկունք կանգնելու ՀՄԸՄ-ի «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանին:

Նիւ Եորքի Փողոցներէն Մէկը`
Սերկէյ Տովլաթովի Անունով

1007sergey-dovlatovՆիւ Եորք քաղաքի քաղաքային խորհուրդը հաստատեց օրինագիծ մը, որուն համաձայն,  քաղաքի Քուինզ թաղի փողոցներէն մէկը պիտի կրէ ազգութեամբ հայ գրող եւ լրագրող Սերկէյ Տովլաթովի անունը: Քաղաքային խորհուրդը նկատի առած է 20 հազար քաղաքացիներու ստորագրութեամբ պահանջը, ըստ որուն, Նիւ Եորքը պէտք է ունենայ իր սիրելի հեղինակներէն մէկուն անունով փողոց մը:

Սերկէյ Տովլաթով մեծ հռչակ կը վայելէ Ամերիկայի մէջ: Իր հայրը` ազգութեամբ հրեայ, թատերական բեմադրիչ Տոնաթ Մեչիքն էր, իսկ մայրը` Նորա Տովլաթեան, ազգութեամբ հայ, գրականութեան սրբագրիչ էր:

Սերկէյ Տովլաթով ծնած էր 1944-ին, Ս. Փեթերսպուրկ եւ 1978-ին գաղթած էր Ամերիկա: Խորհրդային Միութեան մէջ Տովլաթովի կեանքը հանգիստ չէ եղած, ու ան անընդհատ կը դժգոհէր, որ կ՛ենթարկուի իշխանութիւններու գրաքննութեան եւ հետապնդումներուն: Ամերիկայի մէջ ան դարձաւ յայտնի լրագրող ու խմբագրեց «Նոր Ամերիկացի» թերթը: Աւելի ուշ իր պատմուածքները  տպագրուեցան «Նիւ Եորքըր» ամսագիրին մէջ:

Սերկէյ Տովլաթով մահացաւ 24 օգոստոս 1990-ին: Ան թաղուեցաւ Նիւ Եորքի Քուինզ թաղի հրէական «Մաուն Հեպրոն» գերեզմանատան հայկական բաժինին մէջ:

 

Քանատա

Շրջանային Վարչութիւններու Եւ Մարմիններու
Շնորհաւորական Այցը` Առաջնորդ Սրբազան Հօր

2506Prelacy-of-CanadaՅունիս 25-ին, Ազգ. առաջնորդարան այցելեցին  ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն, «Հորիզոն» շաբաթաթերթի վարիչ խմբագիրը, ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը, ՀՅԴ Քանատայի պատանեկան միութեան Ընդհանուր վարիչ մարմինը եւ ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի շրջանային վարչութիւններն ու տեղական կոմիտէութեանց ներկայացուցիչները: Անոնք իրենց շնորհաւորութիւնները փոխանցեցին նորընտիր առաջնորդ Մեղրիկ եպս. Բարիքեանին, որ իր կարգին գնահատանքով եւ երախտագիտութեամբ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլորին: Սրբազանը օրհնեց բոլորին ազնուահոգի ծառայութիւնը, որով միշտ նեցուկ կը կանգնին Ազգային առաջնորդարանի քրիստոնէական դաստիարակութեան սրբազան աշխատանքին:

 

Ֆրանսա

Անահիտ Տօնապետեան Արժանացաւ
Ֆրանսայի Պատուոյ Լեգէոնի Շքանշանին

1906anahidՅունիս 19-ին Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութեանց ազգային հիմնարկի կեդրոնական շէնքին շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ «Պատուոյ լեգէոն»-ի շքանշանի տուչութիւն` փրոֆ. Անահիտ Տօնապետեան- Տեմոփուլոսի :

«Պատուոյ լեգէոն»-ի ազգային շքանշանը հաստատուած է  19 մայիս 1802-ին, Նափոլէոն Պոնափարթի կողմէ եւ կը յանձնուի պետութեան եւ ազգին զգալի ծառայութիւններ մատուցած անձերու:

Արեւելեան լեզուներու հիմնարկին նախագահ Մանիւէլլ Ֆրանք եւ Լեզուաբանական հետազօտութեանց միաւորման տնօրէն Իզապէլ Լեկլիզ իրենց ելոյթին մէջ մանրամասնօրէն ներկայացուցին Անահիտ Տօնապետեան-Տեմոփուլոսի գիտական եւ մանկավարժական գործունէութիւնը, յատկապէս` անոր վիթխարի աշխատասիրութիւնը, դժուարին իրավիճակներու մէջ լուծումներ գտնելու կարողութիւնը եւ մարդամօտութիւնը: Անոնք հաստատեցին, որ Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութեանց ազգային հիմնարկին հայագիտական բաժնին ղեկավարութիւնը ստանձնելով, Տօնապետեան կրցաւ զայն վերածել Հայաստանէն դուրս ամէնէն լիակատար եւ ամբողջական հայագիտական կրթութիւն ապահովող համալսարանական ամպիոնին:

Այնուհետեւ հնդեւրոպաբան եւ հայագէտ-լեզուաբան, հիմնարկի անդամ Շարլ տը Լամպերթըրի Տօնապետեանին յանձնեց «Պատուոյ լեգէոն»-ի շքանշանը:

Աւարտին երախտագիտական եւ շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Անահիտ Տօնապետեան:

 

Թոքիօ

Կոմիտասի 145-Ամեակի Նուիրուած Համերգ

Toko_gomidasՃափոնի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան աջակցութեամբ, Թոքիոյի «Կինզա-Եամահա» համերգասրահին մէջ 2 յուլիսին տեղի ունեցաւ ճափոնցի դաշնակահար Թակահիրօ Ակիպայի մենահամերգը` նուիրուած Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 145-ամեակին:

Համերգին հնչեցին Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները` Ռոպէրթ Անդրէասեանի եւ Գէորգի Սարաճեանի մշակումով:

Տակահիրօ Ակիպան ուսանած է Թոքիոյի արուեստներու համալսարանի դաշնամուրի բաժնին մէջ, այնուհետեւ կատարելագործուած Մոսկուայի Չայքովսքիի անուան երաժշտանոցին մէջ: 2013-ին Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած «Կոմիտաս» միջազգային փառատօնին Թակահիրօ Ակիպան արժանացած է առաջին մրցանակի:

Share this Article
CATEGORIES