Հայ Աւետարանական Քոլեճի Պէսպիսուն Ստեղծագործական Ցուցահանդէսը
Շաբաթ, 31 մայիս 2014, երեկոյեան ժամը 7:00-ին դպրոցի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան բացման խօսքով ներկաներուն նշեց, թէ Հայ աւետարանական քոլեճը միշտ աշակերտներու մէջ կը քաջալերէր ինքնուրոյն ստեղծագործ աշխատանքը, եւ թէ աշակերտներ շնորհիւ իրենց ուսուցիչներու քաջալերանքին ու ցուցմունքներուն` հանդէս եկած են նման գործերով:
Ապա դպրոցի գծագրութեան եւ ձեռային աշխատանքի ուսուցիչ Վազգէն Մուղալեանի ձեռամբ տրուեցան ֆապրիանոյի 2013-ի մրցոյթի 10 մրցանակները, որոնց մէջ կար մէկ առաջնութիւն, 2-րդ դասակարգի մէջ` Արմէն Գայմագամեան:
Տնօրէնը ապա հրաւիրեց ձեռնարկը հովանաւորող դպրոցի հոգաբարձութեան ներկայացուցիչը` Յակոբ Տեմիրճեանը, Հայ աւետ. Ա. եկեղեցիի հովիւ վեր. Հրայր Չոլագեանի հետ սրահ մուտքին ժապաւէնը քակելու:
Հուսկ ներկայ ծնողները ու դպրոցի բարեկամներ, ուսուցիչները ու աշակերտներ այցելեցին պէսպիսուն ցուցահանդէսը: Հոն ցուցադրուած էին գծագրութիւններ եւ ձեռային աշխատանքներ (պատասխանատու ուսուցիչ` Վազգէն Մուղալեան), գիտական աշխատանքներ (Նուարդ Ղորղորեան եւ Յասմիկ Տեմիրճեան), մանկապարտէզի աշակերտներու գործեր (օր. Յասմիկ Թորոսեան, Թալին Տէր Կարապետեան եւ Վարդուկ Ֆռնըզեան), հոգեւոր գործեր (Կարինէ Չոլագեան եւ Հռութ Եունիսէս) եւ հայերէնի աշխատանքներ (Անի Աղպաշեան):
Ներկայ բազմութիւնը հետաքրքրութեամբ շրջեցաւ եկեղեցիի հանդիսասրահին մէջ ցուցադրուած ստեղծագործական աշխատանքներուն առջեւէն ու դիտելով` բարձրօրէն գնահատեց հրամցուածը:

