Դպրեվանքի Ամավերջի Հանդէս
Հինգշաբթի, 12 յունիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի «Բրաբիոն Տումանեան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ դպրեվանքի ամավերջի հանդէսը:
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ դպրեվանքի քայլերգով: Աւետարանի եւ Նարեկի ընթերցումներէն ետք դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը կատարեց քանի մը խմբերգներ: Յովհաննէս սրկ. Թէփիրճեանի կողմէ արտասանուած «Զարթուցեալքս» բանաստեղծութենէն ետք, Յովհաննէս սրկ. Ալթունեան` յանուն շրջանաւարտ սարկաւագներուն, ուղերձ կարդաց: Ապա դպրեվանքի Տեսուչ` Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան ընթերցեց 84-րդ տարեշրջանի տեսչական տեղեկագիրը. աւարտին տեսուչ հայր սուրբը բեմ հրաւիրեց Դրան եպիսկոպոս` Նարեկ եպս. Ալեէմէզեանը, որպէսզի շրջանաւարտ չորս սարկաւագներուն վկայականները յանձնէ եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնները փոխանցէ:

