Ամավերջի Դպրոցական Հանդիսութիւններ. Ազգ. Սրբոց Քառասնից Մանկանց Վարժարանի Մանկապարտէզի Հանդէսը

0806kaRASOUN-(2)Կիրակի, 8 յունիս 2014-ին տեղի ունեցաւ Ազգ. Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի մանկապարտէզի հանդէսը:

Հանդէսը ունեցաւ կոկիկ յայտագիր մը` յատուկ թեմայով, որ անմահանուն բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթներու պարտէզէն քաղուած էր: «Քէֆ ընողին քէֆ չի պակսիր»: Յաւելում մը կցուած էր այս խորագրին, որ հեքիաթէն փոխանցուած բարոյական դասին կը վերաբերէր. «Աշխատողին աշխատանք չի պակսիր»: Երեխաները անկասկած հասկցան աշխատանքին բարիքը, առանց աշխատանքի յաջողութեան պակասը:

Հեքիաթին ընդմէջէն` թատերական արտայայտութիւն, երգ ու պարեր, հիանալի բեմայարդարանք մը, որ կ՛ամբողջացնէր հեքիաթին ներկայացուցած պատկերը: Կօշկակարի խանութ, աղբիւր մը «հոսուն», որուն շուրջ խմբուած փոքրիկ դերասաններ, կուժերով ջուր կը կրէին:

0806kaRASOUN-(1)Հացթուխի փուռ մը, լաւաշ հացի փրփրացող բոյրերով եւ ուրիշ հաճելի տեսարաններ գեղատեսիլ նկարազարդումներով:

Վկայականներու բաշխումի պահն է: Հանդէսին հովանաւոր Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի ներկայացուցիչ Տաճատ աբղ. Աշըգեան բեմ կը հրաւիրուի` օրհնութեամբ յանձնելու մանուկներու կեանքին առաջին վկայականը:

Վարժարանի տնօրէն Յովիկ Պերթիզլեան իր խօսքը ուղղեց նախ վարժարանի 2013-2014 կրթական տարեշրջանին սատարող յամանուն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, հոգաբարձութեան, ծնողական խորուրդին տիկնանց վարչութեան ծնողաց, որոնք գիտակցութիւնը ունեցած էին իրենց զաւակները յանձնելու հայ ազգային վարժարանին, որ միակ վստահելի ամրոցն է հայու զաւակին ազգային ոգին, հայոց մայրենին եւ հայրենասիրական ժառանգը իւրացնելու: Ապա մանկապարտիզպանուհի Իրմա Ճերեճեան կարդաց աշակերտներուն անունները: Նորածիլ շրջանաւարտները համբուրեցին երիտասարդ աբեղայ հայր Տաճատին աջը, խոնարհեցան եւ նկարուելով յիշատակ մը տարին բեմէն:

 

Իր սրտի խօսքը փոխանցելու հրաւիրուեցաւ Տաճատ աղբ. Աշըգեան, որ իր կարգին դրուատեց մանկապարտէզի աշակերտներուն իրագործումները բեմին վրայ: Շնորհաւորեց զանոնք, որովհետեւ այս առաջին վկայականով է, որ անոնք կ՛առնեն դէպի կեանք իրենց առաջին քայլը:

Հուսկ` շրջանաւարտները խանդավառութեամբ խմբերգեցին «Շրջանաւարտ ենք» երգը` արժանանալով ջերմ ծափերու:

Վերջին քանի մը տարիներուն վարժարանի մանկապարտէզի անձնակազմը աւանդութեան կարգ անցուցած է պարտուել շրջանաւարտներու  հայրերը, քանի որ յունիս ամիսը «Հայրերու ամիս» նկատուած է: Իրմա Ճերեճեան հրաւիրեց վկայեալներուն հայրերը, անոնք եկան բեմին առջեւ եւ իրենց զաւակներուն նուիրած ծաղիկները ստացան:

Ստորեւ` շրջանաւարտներու անուանացանկը

Աննա Մարիա Քիլիքեան, Աննա Թոփճեան, Լուսին Գուլաքսըզեան, Լիանա Սարգիսեան, Կալին Գազանճեան, Կապրիէլլա Կրպօ, Սինթիա Շէյխ Մըհամմատ, Սելենա Պալճեան, Վարդի Մըսըրեան, Ասպետ Անուշեան, Գրիգոր Վալոյեան, Մատթէոս Կրպօ, Մարք Ֆարահ Տիպա, Յարութ-Գէորգ Աճեմեան, Սեւակ Գըլընճեան եւ Քեւըն Պարսումեան:

Share this Article
CATEGORIES