Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Նախակրթարանի Հանդէսը
Երեքշաբթի, 27 մայիս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի նախակրթարանը «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ հայկական աւանդական ու արդի երգերու եւ պարերու շարան մը հրամցուց հանդիսատեսին:
Զարդարուն ու գունագեղ բեմին վրայ առաջինէն վեցերորդ դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին իրենց սորված երգերն ու պարերը` գոհունակութեամբ լեցնելով իրենց ծնողներուն սրտերը:
Հանդէսին բացումը կատարեցին Բ. դասարաններու աշակերտները` հարուածային նուագարաններով մեկնաբանելով Լիբանանի, Հայաստանի ու քոլեճին քայլերգները, ապա բացման խօսքը կարդաց Շուշի Գոճայեան` բարի գալուստ եւ ուրախ ժամանց մաղթելով ներկաներուն:
Յայտագիրի առաջին բաժնով հանդէս եկան առաջին, երկրորդ եւ երրորդ դասարաններու աշակերտները` մէջընդմէջ ներկայացնելով երգերը: Յատուկ գնահատանքի արժանացաւ «Հատիկ» երգը, որուն ընթացքին մանուկները ներկայացուցին հայկական «գաթայ» պատրաստելու աշխատանքը: Երրորդ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին չափական նուագ մը, «Գարուն» երգն ու ազգագրական պար մը, իսկ չորրորդ դասարանի աշակերտները հանդէս եկան յատկանշական նորութեամբ մը. անոնցմէ մաս մը երգեց «Արագածի Փէշերին»-ը, իսկ պարախումբը պարեց անոնց երգի կշռոյթով: Անոնք ներկայացուցին նաեւ այլ երգեր ու պարեր:
Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտները պարային շարժումներով ներկայացուցին «Տօն է գարնան» ու Կոմիտասեան «Անձրեւ եկաւ, արեւ, արեւ» երգերը, ապա արդիականն ու աւանդականը միացնելով ներկայացուցին` «Պռեգոմէշ», «Քոչարի ռեփ» եւ «Հայկական էսքիզներ» պարերը, իսկ «Քոչարի»-ի ընթացքին տղաքը բարձրացուցին բերդը:
Եռագոյն դրօշով ու զինուորական տարազներով չորրորդ դասարանները երգեցին «Եռագոյն ծիածան»-ը, ապա անոնց միացան Ե. եւ Զ. կարգերու աշակերտները եւ միասնաբար մեկնաբանեցին «Երգը կեանք է» երգը, որմէ ետք Գ. դասարանի աշակերտները ճերմակ փուչիկներ բռնած` միացան բեմին վրայ գտնուող իրենց դասընկերներուն, ու ամէնքը մէկ երգեցին «Մանուկներն ենք հայ ազգի» երգը եւ արժանացան ներկաներու բուռն ծափահարութիւններուն:
Ապա խօսք առաւ քոլեճի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեան, որ շնորհաւորեց մասնակից բոլոր աշակերտները եւ նախակրթարանի ուսուցչակազմը` այս հանդէսի յաջողութեան մէջ ունեցած իրենց նպաստին համար, ապա բեմ հրաւիրեց ու ծաղկեփունջերով պատուեց նախակրթարանի պատասխանատու Լենա Ճինպաշեանը, քոլեճի պարուսոյց Անի Կոստանեանը, երգի դասատու Գայեանէ Մարկոսեանը եւ նուագի դասատու Ռուբինա Դերձակեանը:
Ապա Զ. Ղազարեան իր խօսքը թուրքին ուղղելով` ըսաւ. «Ձախողեցա՛ր, Թուրքիա՛. փաստը այս աշակերտներն են, որոնք Ցեղասպանութենէն հարիւրամեակ մը ետք կը շարունակեն հայերէն խօսիլ ու երգել ու հայկական պարել»: Ան իր խօսքը ծնողներուն ուղղելով` խնդրեց անոնցմէ մասնակից չըլլալ թուրքին գործած Ցեղասպանութեան ու հայ աշակերտը չզրկել հայ դպրոցի հարազատ, հայաշունչ մթնոլորտէն ու հայեցի դաստիարակութենէն:
Հանդէսը փակուեցաւ Ա.-էն Զ. կարգերու աշակերտներու կատարած միացեալ պարով:

