Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս



Ուրբաթ, 6 յունիս 2014-ի երեկոյեան ժամը7:00-ին տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ:
Վարդագոյն, Կապոյտ եւ Կանաչ դասարաններու 134 աշակերտները իրենց պարերով, երգերով ու մանկական պատգամներով ներկայացուցին Փոքրիկ Իշխանին պատմութիւնը:
Մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիեան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «Այս տարի մեր աշակերտները պիտի ներկայացնեն պատմութիւնը Փոքրիկ Իշխանին, որ պիտի երթայ մոլորակէ մոլորակ` ընկեր մը փնտռելու: Այս տարուան հանդէսը ինծի համար տարբեր իմաստ ունի: Տարիներ առաջ, երբ ես մանկապարտէզի աշակերտ էի, տիկ. Լուսինին եւ տիկ. Քարմենին հետ մասնակցած եմ այս նոյն նիւթով հանդէսին: Տարիներ ետք, ես` իրենց հին աշակերտը, այսօր իբրեւ պատասխանատու նոյն նիւթը կը ներկայացնեմ տարբեր ոճով: Ինչպէս կ՛ըսէ Մուշեղ Իշխան հայերէն լեզուին մասին. «Մշտանորոգ ու միշտ հին, ան կը տեւէ դարէ դար», այդպէս է նաեւ Ճեմարանը: Ճեմարանը առաքելութիւն է, ոգի է: Մենք սերունդէ սերունդ կը փոխանցենք Ճեմարանի ջահը»:
Մանկապարտիզպանուհին իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Ճեմարանի նկարչութեան ուսուցիչ Գօգօ Արբաճեանին` հանդէսի պաստառին պատրաստութեան համար: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ուսուցչուհիներուն` իրենց ժրաջան աշխատանքին համար:
Հանդէսի աւարտին փոքրիկները Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանը հրաւիրեցին իրենց վկայականները յանձնելու: Այնուհետեւ իւրաքանչիւր աշակերտ վկայականը ստացած ատեն ներկաներուն փոխանցեց, թէ ապագային ի՛նչ կ՛ուզէ ըլլալ:
Վկայական ստացան հետեւեալ աշակերտները.
Գալեմքերեան Լիմ, Քիլեճեան Սելին, Կէօզիւպէօյիւքեան Շարիս, Միսիսեան Արազ, Պեզճեան Զուլալ, Քէշիշեան Ալիք, Քիլիսլեան Քրիսթինա, Գասապեան Շուշի, Կիւրեղեան Կալինա, Մահտեսեան Սարին, Մարկոսեան Նանոր, Մինասեան Քրիսթել, Մուրատեան Սթեֆանի, Ատուրեան Կայել, Բակլայեան Լոռի, Գույումճեան Սէրլի, Թահմիզեան Մէյրի, Կիրակոսեան Վիքի, Ղազարեան Մարգրիտ, Մարկոսեան Օրոր, Մոմճեան Ալիք, Գույումճեան Սամուէլ, Դերձակեան Կարէն, Ծատուրեան Հրակ, Կարապետեան Ժան, Մաթոսեան Սեպուհ, Մարթայեան Ժաք-Փոլ, Մարսիմ Դրօ, Շոգոյեան Յակոբ, Չափարեան Արի, Սապունճեան Հրակ, Անտոնեան Հրայր, Զարմէնեան Վահագն, Խաչատուրեան Աւետիս, Մխճեան Քրիսթոֆր, Պորոյեան Վայք, Սաղտճեան Սերժ, Սեւեան Կրեկ, Տօնէրեան Էնտի, Փարլաքեան Պերճ, Աննայեան Քարլ-Ալեքս, Մինասեան Տանիէլ, Միքայէլեան Աւետիս, Չերքեզեան Նարեկ, Պասմաճեան Արամ, Տեմիրճեան Շանթ, Քէօշկէրեան Յովիկ:
Նորսիկեան մանկապարտէզէն վկայեալ աշակերտները հանդէսը փակեցին Ճեմարանի քայլերգով:

