Ռուս Երեսփոխանը Իր Կուսակիցներուն Արգիլած Է Ամերիկացիներուն Հետ Կապ Հաստատել

Սերկէյ Միրոնով
«Վետոմոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Տումայի Արդար Ռուսիա խմբակցութեան ղեկավար Սերկէյ Միրոնով արգիլած է իր կուսակիցներուն կապ հաստատել ամերիկացիներու հետ:
Տումայի իր խմբակցութեան անդամներուն ուղղուած նամակը Միրոնով ուղարկած է բաւական խորհրդանշական օրուան մը` Միացեալ Նահանգներու անկախութեան օրը` 4 յուլիսին:
Ատով կը նշուի, որ ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն պատճառով Միրոնով խորհուրդ կու տայ իր գաղափարակիցներուն ամերիկացիներուն հետ չառնչուիլ, իսկ կարելիութեան պարագային` ընդհանրապէս բացառել հաղորդակցիլ Միացեալ Նահանգները ներկայացնող պաշտօնական անձերու հետ:
Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ Միրոնով կը պատկանի այն ռուս օրէնսդիրներու շարքին, որոնց դէմ Միացեալ Նահանգներ պատժամիջոցներ սահմանած են, ինչ որ պայմանաւորուած է Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող զարգացումներով:

