Եւրոպական Յանձնաժողովի Ընտրուած Նախագահը Պատրաստ Է Եւրոպական Միութեան Մէջ Բրիտանիոյ Համար Յատուկ Պայմաններ Ստեղծելու

Ժան-Քլոտ Եունքեր

Ժան-Քլոտ Եունքեր

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնի թեկնածու Ժան-Քլոտ Եունքեր յայտարարած է, որ պիտի կարենայ Բրիտանիոյ վերադարձնել ազգային խորհրդարանի լիազօրութիւններուն մէկ մասը, որոնք նախապէս փոխանցուած են Եւրոպական Միութեան բարձրագոյն մարմիններուն:

Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններու խումբի մը հետ տեղի ունեցած գաղտնի խորհրդակցութիւններուն ընթացքին Եունքեր յայտարարած է «Լոնտոնի հետ լիազօրութիւններու մէկ մասը վերադարձնելու վերաբերեալ բանակցութիւններու սկսելու» պատրաստակամութեան մասին: «Բրիտանիան չափազանց կարեւոր է Եւրոպական Միութեան համար, ես չեմ ուզեր, որ Լոնտոն դուրս գայ Եւրոպական Միութենէն», ընդգծած է ան:

Անցեալ ամիս Եւրոպական Միութեան վեհաժողովին ընթացքին Լիւքսամպուրկի նախկին վարչապետ Ժան-Քլոտ Եունքեր ձայներու մեծամասնութեամբ ընտրուած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնի թեկնածու: Դէմ քուէարկած են Բրիտանիան եւ Հունգարիան:

Լոնտոնի բացասական դիրքորոշումը Եունքերի թեկնածութեան նկատմամբ կը բացատրուի  ներկայ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնի մտահոգութիւններով. վերջինս Եունքերը կը նկատէ դաշնակցային մը եւ Եւրոպական Միութեան հետագայ համարկման աջակից մը:

Share this Article
CATEGORIES