Լաւրով. «Ռուսիան Շահագրգռուած Է Առանց Արհեստական Խոչընդոտներու Եւրոպական Միութեան Հետ Յարաբերութիւններու Զարգացումով»

Մողերինի եւ Լաւրով
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` խօսելով իտալացի գործընկեր Ֆետերիքա Մողերինիի հետ հանդիպումին մասին, յայտարարած է, որ Մոսկուան հանդէս կու գայ Ռուսիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գործընկերութեան հետեւողական, աստիճանական զարգացման եւ արհեստական, վարկածային նկատառումներուն ենթակայ չըլլալու օգտին:
Իտալիան 1 յուլիս 2014-էն ի վեր կը վարէ Եւրոպական Միութեան մէջ նախագահի պաշտօնը: «Մենք շահագրգռուած ենք, որ մանրամասն քննարկենք Ռուսիոյ յարաբերութիւնները Եւրոպական Միութեան հետ: Մենք շատ ընդհանրական շահեր ունինք», ըսած է Լաւրով:
Մողերինի իր կարգին նշած է, որ Իտալիոյ եւ Եւրոպական Միութեան երկիրներուն դիրքորոշումը կը կայանայ Եւրասիոյ տարածքին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատման մէջ:
«Մենք հանդէս կու գանք այն բանի օգտին, որ Եւրոպական Միութեան հետ համարկման հոլովոյթները չկրեն տագնապի հոլովոյթներ, այլ իրականացուին բոլոր կողմերուն շահերը հաշուի առնելով», աւելցուցած է Մողերինի:

