Ռուսիան 5 Միլիառ Տոլարով Կամուրջ Պիտի Կառուցէ Դէպի Խրիմ

0907Bridge«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ փոխվարչապետ Տմիթրի Քոզաք յայտնած է, որ Ռուսիոյ իշխանութիւնները կը պատրաստուին շուրջ 200 միլիառ ռուբլի (5 միլիառ տոլար) ծախսել` Քերչի նեղուցին վրայէն դէպի Խրիմի թերակղզի կամուրջ կառուցելու համար:

«Ներկայիս ծախսուելիք գումարին թիւը կը տարուբերի 150-200 միլիառ ռուբլիի միջեւ», ըսած է Քոզաք` վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի մօտ Խրիմի ու Սեւասթափոլի զարգացման նիւթին ուղղուած խորհրդակցութեան աւարտէն ետք:

Պաշտօնեան հերքած է այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց, կամուրջի շինարարութեան համար պիտի օգտագործուին անհատ ներդրողներու գումարները: Ան բացատրած է, որ անհատ ներդրողներու ներգրաւումին պարագային կամուրջը պէտք է վճարովի դարձնել:

Կը նախատեսուի, որ աշնան կառուցուելիք կամուրջը պիտի կապէ Կրասնոտարի մարզը Խրիմի հետ: Ներկայիս Ռուսիոյ ցամաքէն դէպի Խրիմ հասնելու համար անհրաժեշտ է կա՛մ անցնիլ Ուքրանիոյ տարածքով, կա՛մ ալ նաւով` նեղուցով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES