Օպամա Յայտնած Է Ազրպէյճանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանի Թեկնածուի Անունը

Ռոպըրթ Ֆրենսիս Սեքութա
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին առաջադրած է Ռոպըրթ Ֆրենսիս Սեքութայի թեկնածութիւնը:
2012-էն մինչեւ հիմա նշեալ պաշտօնը կը վարէր Ռիչըրտ Մոռնինկսթար, որուն լիազօրութիւնները կ՛աւարտին 2014-ի օգոստոսին:
Սեքութա Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի ուժանիւթային հարցերով տեղակալի առաջին օգնականն է:
Ան աշխատած է նաեւ արտերկրի մէջ` 2007-2009-ին Թոքիոյի մէջ, իսկ 2003-2007-ին Պերլինի մէջ, ուր ան համակարգած է Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան մասնակցութիւնը տնտեսական հարցերուն մէջ:
CATEGORIES Միջազգային

