Իրաքի Մէջ Զինեալները Քիմիական Զէնքի Պատրաստութեան Գործարան Մը Գրաւած Են

0907chemical«Պի.Պի.Սի.»-ի ռուսական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրաքի կառավարութիւնը հաստատած է, որ Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն (ՏԱՀԵՇ) խմբաւորման զինեալները գրաւած են քիմիական զէնքի պատրաստութեան փակ գործարանը:

ՄԱԿ-ին ուղղուած նամակին մէջ Իրաքը նաեւ կը յայտարարէ, որ չի կրնար իրականացնել իր պարտաւորութիւնները` քիմիական զէնքը վերացնելու վերաբերեալ:

Պաղտատի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող գործարանին մէջ կը պահուին մարտագլխիկներով հրթիռներու մասեր, որոնք կը պարունակեն սարին եւ այլ նիւթեր:

ՄԱԿ-ի եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչները կը յայտարարեն, որ գործարանին մէջ պահուող հրթիռները այնպիսի վիճակի մէջ չեն, որ զինեալները կարենան զանոնք օգտագործել:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին հասցէագրուած նամակին մէջ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Ալի Հաքիմը հաղորդած է, որ զինեալները 11 յունիսին գրաւած էին գործարանը` զինաթափելով անվտանգութեան աշխատակիցները:

Այդ փաստաթուղթին մէջ նաեւ կը նշուի, որ համաձայն տեսահսկումի համակարգերու ձայնագրութիւններուն` զինեալները տարած են գործարանի սարքաւորումներուն մէկ մասը:

Պաղտատ յայտարարած է, որ քիմիական զէնքի ոչնչացման հոլովոյթը պիտի վերսկսի, անմիջապէս երբ երկրին մէջ բարելաւուի անվտանգութեան վիճակն ու կառավարական վերահսկողութիւն սահմանուի գործարանին վրայ:

Հրապարակուած տեղեկութիւններուն համաձայն Մութաննայի քիմիական գործարանին մէջ մօտ 2500 հրթիռ կայ` յագեցած քիմիական զէնքով:

Միացեալ Նահանգներ հաղորդած է, որ գործարանը գրաւուած էր շուրջ երեք շաբաթ առաջ: Սիւննի ծայրայեղականները կը տնօրինեն Իրաքի հիւսիս-արեւմուտքի մեծ մասը:

Միւսկողմէ, ԻրաքիվարչապետՆուրիՄալիքիերէկյայտարարեց. «ԷրպիլՏԱՀԵՇ-ի, ՔայիտայիեւՊաասիկեդրոնատեղիիվերածուածէ»` աւելցնելով. «ՉենքկրնարլուռմնալիտեսԷրպիլիահաբեկչականկազմակերպութիւններուեւարդարադատութենէնփնտռուածներուկեդրոնատեղիիվերածման»:

 

Share this Article
CATEGORIES