Իրան Երեք Յարձակողական Օդանաւ Ուղարկած Է Իրաք
«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը` վկայակոչելով ամերիկեան եւ իրաքեան զինուորական շրջանակները, կը հաղորդէ, որ Իրան երեք յարձակողական օդանաւ ուղարկած է Իրաք, ուր իրենց յառաջխաղացքը կը շարունակեն Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութեան (ՏԱՀԵՇ) զինեալները:
Աղբիւրը կը նկատէ, որ այս ձեւով Իրան խորացուցած է իր ներգրաւուածութիւնը դրացի երկրի տագնապին մէջ եւ այդպիսով կը մեծցնէ իր ազդեցութիւնը այդ երկրի կառավարութեան վրայ:
Խօսքը «Սու-25» օդանաւերու մասին է, որոնք արդէն գործողութիւններ կատարած են Իրաքի արեւմուտքը եւ հիւսիսը:
Հետաքրքրական է, որ նոյն օդանաւերը ի սկզբանէ պատկանած են իրաքեան օդուժին, սակայն 1991-ին Ծոցի պատերազմի ժամանակ անվտանգութեան նկատառումներով Իրան փոխադրուած են:
CATEGORIES Միջազգային

