Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի դատապարտեց Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումը:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ երկխօսութիւնը արդիւնաւորուեցաւ ապահովական կայունութեամբ եւ պետական նշանակումներով: Ան շեշտեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը նախատեսելի է:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ Լիբանանի մէջ հարիւր հազար սուրիացի գաղթական պիտի բնակեցուի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյց մը, որուն համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը սղած է 300 լ. ոսկիով, մազութը` 200 լ. ոսկիով, իսկ կազը` 300 լ. ոսկիով:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան ապահովութեան ուժերը ստացած են տեղեկութիւններ, թէ դատախազներ Սաքըր Սաքըր, Ղասսան Օուէյտաթ եւ Տանի Զըհըննի սպանութեան թիրախ պիտի դառնան` նկատի ունենալով, որ անոնք ուղղակիօրէն կապ ունին Ֆաթհ Իսլամի, Ժունտ Շամի, Ռումիէի իսլամական բանտարկեալներուն եւ Ժապհաթ Նուսրայի անդամներուն հարցաքննութեան եւ անոնց ամբաստանութեան ու անոնց դէմ զանազան պատիժներու արձակման հարցով:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ՏԱՀԵՇ պաշտօնապէս գոյութիւն ունի Լիբանանի մէջ` Այն Հելուէի մէջ գտնուող խմբաւորումի մը կողմէ ճանչցուելու իբրեւ արդիւնք:

ՎԻՃԱԿԱԳՐՈՒԹԵԱՆ պաշտօնական ընկերութեան նախագահ Ռապիհ Հապըր յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կը գտնուի մէկուկէս միլիոն սուրիացի, որոնք գաղթականներ են եւ այցելուներ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի շեշտեց, որ սիւննի համայնքի իսկական ազատականները անոնք են, որոնք կը պաշտպանեն արդարութիւնը, ազատութիւնն ու հաւասարութիւնը:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը պէտք չէ յաւելեալ երկպարակումի նիւթ դառնայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ մերժեց ապօրինի կերպով կատարուած մսխումները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Համասի քաղաքական պատասխանատու Ժիհատ Թահա յայտնեց, որ իրենք պաղեստինեան դատին լուծման համար պայքարը պիտի շարունակեն` աւելցնելով դիմադրութեան ուղեգիծին կառչած մնալու իրենց պատրաստակամութիւնը:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան համալսարանի դասախօսները իրենց պաշտօններուն վրայ հաստատելու թղթածրարին առումով խախտում մը արձանագրուած է: Նոյն օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կառավարութեան եւ խորհրդարանին մէջ նուաճումներ արձանագրեն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խտըր Հապիպ շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան զօր. Միշել Աունի առաջադրած նախաձեռնութիւնը խորհրդարանին երկու երրորդը չ՛ապահովեր եւ անիկա պարզապէս ժամանակ կորսնցնելու առիթ մըն է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն խստիւ դատապարտեց Կազայի դէմ իսրայէլեան նոր բռնարարքները:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալաէտտին Թըրրօ կոչ ուղղեց վերադառնալու նախագահական ընտրութիւն կատարելու ջանքերուն, ինչպէս նաեւ աշխուժացնելու խորհրդարանին եւ կառավարութեան աշխատանքները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ պիտի չարտօնեն ահաբեկչութեան` կասեցնելու իրենց ուղեգիծը:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն շեշտեց, որ պետական պաշտօնեաներու, ուսուցիչներու եւ զինուորներու աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարին առումով լուծում մը նախատեսելի է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ իրենք պատրաստ են մասնակցելու խորհրդարանի օրէնսդրական նիստերուն:

 

Share this Article
CATEGORIES