Զօր. Աուն Ընդունեց Ուահապը

1801208_812108765474893_513008964601794922_o-(1)Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ յատկապէս Սուրիոյ զարգացումները:

Հանդիպումէն ետք Ուահապ յայտնեց, որ խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու հարցը մերժելի է` հարց տալով, որ արդեօք այդ մէկը կատարելու համար սահմանադրական բարեփոխումի կարիք չկա՞յ:

Ուահապ յայտնեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքին մասին լռութիւն եւ մեղսակցութիւն կայ` աւելցնելով, որ այդ օրէնքը լիբանանցիներուն համար վերջացած է: «Լիբանանի խորհրդարանին մէջ լիբանանեան բոլոր շերտերուն ներկայացուցչութիւնը կարելի կ՛ըլլայ ապահովել համամասնական դրութեան հիման վրայ ընտրական օրէնքի մը մշակումով», ըսաւ ան:

Ուահապ հաստատեց, որ հիւսիսային Լիբանանի մէջ ապահովական խիստ միջոցառումներ պէտք է որդեգրել` աւելցնելով, որ շրջանային իրադարձութիւնները անհրաժեշտ կը դարձնեն, որ լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը ամրապնդեն իրենց ուժերը:

Ուահապ ընդգծեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ արդար նկատեց, որ պետական պաշտօնեաներուն, ուսուցիչներուն եւ զինուորականներուն ամսական աշխատավարձի յաւելումները վաւերացուին:

 

Share this Article
CATEGORIES