Սլէյման. «Ահաբեկչական Որեւէ Շարժում Պիտի Ջախջախուի Լիբանանցիներուն Ոտքերուն Տակ»

Զօր. Սլէյման եւ Ապու Ֆաուր
Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Եարզէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, գաղթականներու հարցերու նախարար Ալիս Շապթինին եւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մութթալեպ Հըննաուին, որոնց ներկայութեան հաստատեց երկրին քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի Լիբանանը կարելի եղածին չափ հեռու պահուի շրջանային տագնապներէն, ինչպէս նաեւ կարելի ըլլայ շարունակել կառավարութեան կողմէ մշակուած ապահովական ծրագիրին գործադրութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին Սլէյման հաստատեց, որ ապահովական կառոյցներուն միջեւ գործակցութիւնը անհրաժեշտ է` փոխադարձ փորձառութիւններն ու տեղեկութիւնները փոխանակելու իմաստով, որպէսզի կարելի ըլլայ ձախողեցնել Լիբանանի դիմագրաւած ահաբեկչական գործողութիւններն ու դաւադրութիւնները:
«Ահաբեկչական որեւէ խմբաւորում, ինչքան ալ զօրաւոր ըլլայ, պիտի ջախջախուի լիբանանցիներուն ոտքերուն տակ, եթէ անոնք միասնականութեամբ դիմագրաւեն այդ մարտահրաւէրն ու սպառնալիքը», եզրափակեց ան:

