Պաքուի Մէջ. Ժեմայէլ – Ալիեւ Հանդիպում

Ալիեւ եւ Ժեմայէլ

Ալիեւ եւ Ժեմայէլ

Ժողովրդավարական չափաւորական կուսակցութիւններու համադաշնակցութեան փոխնախագահ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ Պաքուի մէջ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ համադաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Լոփեզ եւ Ազրպէյճանի վարչապետ Ալի Հասանով:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան միջազգային յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ ժողովրդավարութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Ազրպէյճանի վարչապետ Հասանով ի պատիւ Ժեմայէլի սարքեց ընթրիք մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Ժողովրդավարական չափաւորական կուսակցութիւններու համադաշնակցութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES