Զօր. Քահուաժի Ընդունեց Երեսփոխան Մըքտատը Եւ Ասիրին

Դեսպան Ասիրի եւ զօր. Քահուաժի

Դեսպան Ասիրի եւ զօր. Քահուաժի

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց երեսփոխան Ալի Մըքտատը` ընկերակցութեամբ Պաալպեքի հեղինակութիւններէն բաղկացած պատուիրակութեան մը:

Զօր. Քահուաժի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու բանակներուն միջեւ յարաբերութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES