Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Ժամանակն Է, Որ Նախագահական Ընտրութիւն Կատարուի»

6656389-10041490Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռոման Նատալ յայտնեց, որ ժամանակն է արդէն վերջ տալու Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան, յատկապէս նախագահական աթոռի թափուր մնալուն:

Նատալ ընդգծեց, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շրջանային իր քաղաքականութեան քննարկումներուն շրջագիծին մէջ կեդրոնացած է լիբանանեան թղթածրարին վրայ եւ հաստատած Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորել եւ զայն պաշտպանել յատկապէս շրջանային տագնապներուն հետեւանքներէն:

Նատալ շեշտեց, որ Ֆրանսա կը գործակցի ոեւէ անձնաւորութեան հետ, որ լիբանանցիներուն կողմէ հանրապետութեան նախագահ կ՛ընտրուի:

Share this Article
CATEGORIES