Իրանի Դեսպանը Այցելեց Պըրրիի

Պըրրի` Իրանի դեսպանին եւ առեւանգուած չորս դիւանագէտներու հարազատներուն հետ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհ Ալին, որուն ընկերակցեցան Լիբանանի մէջ 1988-ին առեւանգուած իրանցի դիւանագէտներուն հարազատները:
Պըրրի կատարեալ զօրակցութիւն յայտնեց անոնց ընտանիքներուն, եւ նկատի ունենալով անոնց անյայտ կորսուելու եւ իմամ Մուսա Սատըրի անյայտ կորսուելու թղթածրարներուն նմանութիւնը, խորհրդարանի նախագահը խոստացաւ այս հարցը հետապնդելու իմաստով ճիգ չխնայել:
Իրանցի դիւանագէտներուն ընտանեկան պարագաները շնորհակալութիւն յայտնեցին Պըրրիի` անոր զօրակցութեան համար եւ մաղթեցին, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ դնէ շարունակելու այդ թղթածրարին հետապնդումը:
Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ եթէ ընտրական նոր օրէնքի մը մշակումը անկարելի դառնայ, ապա երեսփոխանական ընտրութիւնները պէտք է ներկայ ընտրական օրէնքին հիման վրայ կատարել:

