Թրիփոլիի Եւ Աքքարի Մէջ Ճամբաներու Փակում

322845_img650x420_img650x420_cropՀիւսիսային Լիբանանը երէկ դարձեալ ապրեցաւ տակնուվրայ վիճակ մը, երբ Թրիփոլիի եւ Աքքարի մէջ Ռումիէի բանտարկեալներուն ընտանիքները փակեցին ճամբաները եւ արգելք հանդիսացան անցորդներուն փոխադրութեան:

Թրիփոլիի զինեալ ճակատներու պատասխանատուներէն Զիատ Ուլուքի, որ հացադուլի դիմած էր, նախանցեալ օր իր ուշքը կորսնցուցած էր եւ փոխադրուած հիւանդանոց, ուրկէ ան դարձեալ փոխադրուած էր Ռումիէ:

Այս լուրին լոյսին տակ, Պարրանիէի եւ Պապ Թըպպանէի բնակիչները, ընկերակցութեամբ` Ուլուքիի հարազատներուն, բողոքի նստացոյց մը կատարեցին եւ Ապու Ալիի հրապարակին վրայ փոխադրակառքերով փակեցին միջազգային ճամբան:

Նստացոյցին ընթացքին անծանօթներ երեք ձայնային ռումբեր նետեցին` սրելով տիրող մթնոլորտը:

Լիբանանեան բանակի շրջուն ջոկատները հասան նստացոյցին վայրը, փորձեցին վերաբանալ ճամբաները եւ հսկեցին ցուցարարներուն ու անցորդներուն միջեւ բախումները կանխարգիլելու:

Մընիէի մէջ եւս ճամբաները փակուեցան` արգիլելով քաղաքացիներուն Աքքար ուղղուիլը:

Share this Article
CATEGORIES