Եթէ Աշխատավարձի Յաւելումները Չվաւերացուին, Սեպտեմբերին Կրթական Նոր Տարեշրջան Մը Պիտի Չսկսի

Նաամէ Մահֆուտ
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ 24 ժամուան բողոքի նստացոյցի մը սկսաւ կրթութեան նախարարութեան մէջ` նշելով, որ խորհուրդին կողմէ այս քայլը նորութիւն մըն է` սեպտեմբերին կրթական նոր տարեշրջան մը չսկսելու նպատակով, եթէ պատահի, որ մինչեւ սեպտեմբեր աշխատավարձի յաւելումները չվաւերացուին:
Սեփական վարժարաններուն մէջ դասաւանդող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ յայտնեց, որ բոլոր պատասխանատուները պէտք է գիտնան, որ կարելի չէ ուսուցիչները ծնողներուն հետ դէմ յանդիման բերել եւ հաստատել, որ ուսուցիչները աշակերտները պատանդ առած են եւ կամ զանոնք վերածած են աւազապարկերու:
Մահֆուտ շեշտեց, որ աշակերտները արձանագրուած են կրթութեան նախարարութեան մօտ եւ լիբանանեան պետութեան մօտ ունին իրաւունքներ:
Ան նշեց, որ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին բողոքի նստացոյցը տեղի կ՛ունենայ կրթութեան նախարարութեան մէջ, իսկ վկայականները աշակերտներուն կը տրուին լիբանանեան պետութեան կողմէ, հետեւաբար աշակերտներուն եւ ծնողներուն իրաւունքները լիբանանեան պետութեան մօտ կը գտնուին:
Մահֆուտ ըսաւ, որ իրենք կառավարութեան դէմ են եւ ոչ թէ աշակերտներուն եւ ուսանողներուն: Ան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն պահանջեց վաւերացնել աշխատավարձի յաւելումները, որովհետեւ անիկա միակ միջոցն է պետական քննութիւնները սրբագրելու:

Էլիաս Ապու Սաապ
Իր կարգին, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատեց, որ առանց Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին եւ ուսուցիչներուն պետական քննութիւնները պիտի չսրբագրուին, ինչպէս նաեւ վկայագիրներ եւ նիշեր պիտի չյանձնուին աշակերտներուն` առանց խորհուրդին հաւանութեան:
Ապու Սաապ շեշտեց, որ Լիբանանի նախագահական աթոռին թափուր մնալը, խորհրդարանի նիստերուն ընթացքին աշխատավարձի յաւելումները չվաւերացնելու քայլը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան նիստերուն ընթացքին արձանագրուած ձգձգումները իրենց ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենան կրթական մարզին վրայ:

