Սփիւռքահայ Գործարարներու Պատուիրակութիւն Մը` Արցախի Մէջ

0907VickenHovsepian_ArtsakhԽումբ մը գործարարներու հետ Արցախ կը գտնուի ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Վիգէն Յովսէփեան:

Երէկ առաւօտեան Վիգէն Յովսէփեանի գլխաւորած սփիւռքահայ գործարարներու պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արթուր Աղաբեկեանի հետ:

Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տնտեսութեան փոխնախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան առընթեր զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան վարչութեան պետ Սերկէյ Շահվերդեան:

Գործարարները Արցախի մէջ պիտի ուսումնասիրեն Արցախի ներդրումային միջավայրը:

Հանդիպման ընթացքին փոխվարչապետը գործարարներուն ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տնտեսութեան կառոյցը եւ տնտեսութեան տարբեր ճիւղերու զարգացման կարելիութիւնները: Ներկայացուեցան նաեւ այն տնտեսական ծրագիրները, որոնք այժմ ընթացքի մէջ են: Փոխվարչապետը շեշտեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տնտեսութեան գործին մէջ սփիւռքահայ գործարարներու ներդրումներուն դերը` վստահեցնելով, որ Արցախը կրնայ շահաւէտ երկիր ըլլալ ներդրումներու համար, որովհետեւ այստեղ կան բոլոր բարենպաստ պայմանները անոր համար:

Ներկաները հարցադրումներ կատարեցին` մասնաւորապէս շուկայի սպառման խնդիրի, անոր ուղղութեամբ աշխատանքներու կարելիութեանց մասին, ինչպէս նաեւ Մաքսային միութեան անդամակցութեան եւ Արցախի վրայ անոր ազդեցութեան մասին:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետը ընդգծեց, որ այսօր վստահաբար սպառման խնդիրը առկայ է Արցախի մէջ, որովհետեւ գիւղատնտեսութիւնը արտադրելու մեծ կարելիութիւններ կու տայ բազմաթիւ գիւղական մթերքներ, որոնց համար սպառման շուկայի խնդիր կայ, ուր կ՛ակնկալուի նաեւ սփիւռքին օժանդակութիւնը:

Անդրադառնալով Մաքսային Միութեան Հայաստանի անդամակցութեան եւ Արցախի վրայ անոր ազդեցութեան հարցին փոխվարչապետը նշեց, որ Արցախը եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը գտնուին ընդհանուր տնտեսական գօտիի մէջ եւ ատիկա չի կրնար որեւէ փոփոխութեան ենթարկուիլ:

Վիգէն Յովսէփեանի գլխաւորած սփիւռքահայ գործարարներու պատուիրակութիւնը շարք մը հանդիպումներ պիտի ունենայ Արցախի մէջ` նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահին հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES