Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Այցելութիւնը ՀՅ Դաշնակցութեան Կեդրոնը
Երեքշաբթի, 8 յուլիսին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելեց ՀՅԴ «Էտուարտօ Սէֆէրեան» ակումբը, իր պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ: Ակումբի մուտքին նախագահը ընդունուեցաւ հաց ու աղի աւանդական հիւրասիրութեամբ, մինչ ՀՄԸՄ-ի «Արարատ» սկաուտական խումբի ղեկավարներ զինք պատուեցին սկաուտական փողկապով, իբրեւ յարգանքի նշան: Ներկայ եղած են ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան, ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի, «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի եւ Հայ դատի յանձնախումբի անդամներ, ՀՕՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեանց անդամներ Կրասիա Գէորգեան եւ Քարլոս Սէֆէրեան, ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեանց անդամներ եւ տեղական մասնաճիւղերու անդամներ, «Արմենիա» երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններու անդամներ, եւ «Խրիմեան» վարժարանի երկրորդական բաժինի աշակերտները եւ ուսուցչական կազմը, ինչպէս նաեւ համակիրներ ու համայնքի կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ:
ՀՅԴ-ի եւ իր գաղափարակից կազմակերպութիւններու անունով բարի գալուստ մաղթելով նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ նախագահական պատուիրակութեան, խօսք առաւ ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, որ նշեց, որ «այս շէնքի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր նախագահները ներկայ եղած են, եւ բոլորին ըսած ենք նոյնը: Պայմաններու բերումով իրերայաջորդ սերունդներ երբ հաստատուած են հայրենիքէն այսքան հեռու, այս ափերուն վրայ, միշտ հայապահպանումը ունեցած են կիզակէտ, միշտ հայ սերունդներ կերտելը եղած է իրենց համար նպատակ: Բայց արդէն 80-ական թուականներէն ի վեր Հայ դատի աշխատանքները, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, քաղաքականացումը, վերածուած են մեր հիմնական աշխատանքներուն»:
Այցելութեան առիթով նախագահ Սարգսեանին յանձնելով արժանթինեան քարերով ճատրակի տախտակ` իբրեւ ՀՅԴ-ի եւ գաղափարակից կազմակերպութիւններուն կողմէ յուշանուէր, Տէր Ղուկասեան աւելցուց. «Պարոն նախագահ` մենք գիտենք որքա՛ն դուք վարպետ էք շախմատի խաղին մէջ, որքա՛ն այդ խաղը ձեր սրտին մօտ է: Մեր փափաքն է, որ երբ այստեղէն հեռանաք, միջազգային յարաբերութիւններուն նայիք ճատրակի ձեր վարպետի աչքերով եւ տեսնէք հարաւային կողմն աշխարհի, որ անցնող երկու-երեք տարիներու ընթացքին մեր թշնամիները` ազրպէյճանցիները եւ թուրքերը, դէպի առաջ շարժումներ կատարած են: Բարեբախտաբար անոնց առաջքը կ՛առնուի: Մենք վստահ ենք, որ ձեր այս այցելութիւնը այդ առաջքը առնելու մեծ մղում մը պիտի տայ»: Եւ յուշանուէրի վրայ տեղադրուած «Մենք անկեղծ զինուորներ ենք» լոզունգին վերաբերուելով, Խաչիկ Տէր Ղուկասեան իր խօսքերը եզրափակեց աւելցնելով. «Մենք կ՛ուզենք, որ դուք գիտնաք, որ միշտ ունիք, ինչպէս որ միշտ եղած է մեր կուսակցութեան եւ իր կազմակերպութիւններու պարագային, անկեղծ զինուորներ, որ երբ դուք, Հայաստանի պետութիւնը, Հայաստանի անկախութիւնը, Հայաստանի ապագան, ուզէ քայլ մը յառաջ տանիլ, վստահ եղէք, որ մեր ընկերներով, մեր բարերարներով եւ մեր համակիրներով, պատրաստ ենք այդ քայլը առաջ տանելու, ի խնդիր ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի»:
Ապա խօսք առաւ նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ նախ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար, եւ շեշտեց. «Այս գրութիւնը` «Մենք անկեղծ զինուորներ ենք», չափազանց պարտաւորեցնող է: Որովհետեւ մեզմէ իւրաքանչիւրը զինուոր է: Զինուոր է իր պարտականութիւններուն մէջ, զինուոր է իր պատասխանատուութեան մէջ, զինուոր է իր հաւատացած գաղափարին համար: Եւ ես չափազանց ուրախ եմ, որ մեր ազգային կառոյցները, մեր ազգային կուսակցութիւնները, մեզի հպարտութիւն կը ներշնչեն, որուն պատճառով մենք կը տարբերինք ուրիշներէ»:
Շրջանին մէջ եւ ընդհանուր առմամբ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի աշխատանքի վերաբերեալ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը հաստատեց. «Ես շատ լաւ կը հասկնամ, որ մեր հակառակորդները, ոչ միայն աշխարհին այս կողմը, այլ նաեւ տարբեր կողմերու մէջ կը փորձեն աշխուժանալ: Ես շատ լաւ կը հասկնամ Հարաւային Ամերիկայի մէջ անոնց ջանքերուն նպատակը: Եւ անոնք իրենց ջանքերը կը դնեն այնտեղ, ուր մենք հզօր ենք: Բայց եթէ մենք պէտք է այս պարագային զիջինք, ուրեմն ժամանակ մը ետք այս շէնքը ուրիշներուն պէտք է ըլլայ: Ես վստահ եմ, որ այդպէս երբեք պիտի չըլլայ: Ես վստահ եմ, որ ընդհակառակն` մեր շէնքերուն թիւը պիտի աւելնայ, մեր համակիրներուն շարքերը պիտի մնան հոծ: Եւ շնորհիւ ահա այս գաղափարին մենք բոլորս զինուոր ենք, այո՛, զինուոր ենք, եւ զինուոր պիտի մնանք: Միայն այսպէս կարելի է Հայաստանը հզօրացնել»:
Մեկնելէն առաջ, նախագահ Սարգսեան իր կարգին յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատան կողմէ արծաթեայ յոբելենական մետաղադրամներու հաւաքածոյ մը:

