Սերժ Սարգսեան. «Մեծ Եղեռնի Հարիւրամեակը Աւարտի Սահմանագիծ Չէ»
Արժանթին պաշտօնական այցելութեան երկրորդ օրը, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Պուենոս Այրեսի քաղաքային կառավարութեան նախարարներու խորհուրդի նախագահ Օրասիօ Լարետայի, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու եւ արժանթինահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ ներկայ գտնուեցաւ Պուենոս Այրեսի Պալերմօ թաղամասին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի հիմնարկէքի արարողութեան:
Հիմնարկէքի յուշատախտակին օրհնութենէն ետք Օրասիօ Լարետա եւ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան բացումը կատարեցին:
Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը հաղորդեց, որ Սերժ Սարգսեան արարողութեան մասնակիցներուն առջեւ ելոյթ ունեցած է` մասնաւորապէս ըսելով. «Այս թանգարանը ստեղծուած է` լրացնելու համար շարքը Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած այն բազմաթիւ յուշակոթողներուն, որոնք սփռուած են արեւելքէն արեւմուտք, հիւսիսէն հարաւ` իբրեւ խօսուն վկայ, որ որքան ժամանակ ալ անցնի, մենք պէտք է յիշենք ու պահանջենք: Մարդկային յիշողութիւնը պատմութեան իւրայատուկ մաղն է, որ առանձնայատուկ երախտագիտութեամբ կը պահէ այն անուններն ու տեղանունները, որոնք մշտապէս արդարութեան սերմեր կը ցանեն` առաջ մղելով համամարդկային ամէնէն վեհ արժէքները: Այդ լուսաւոր տեղանուններէն մէկն ալ Արժանթինն է, որ օգնութեան հասնելով մեր ժողովուրդին արհաւիրքի ամէնէն ծանր պահուն, փրկեց ոչ միայն հարիւր հազարաւոր հայերու, այլեւ վերականգնեց մեր ժողովուրդին սասանուած հաւատքը առ այն, որ մարդը ստեղծուած է Աստծոյ նմանութեամբ, որ մարդուն մէջ չի կրնար մեռնիլ մարդը եւ կենդանի մնալ ցեղասպան բարբարոսը»:
«Յաջորդ տարի կը լրանայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը: Սակայն բոլորին յայտնի է` մարդկութեան դէմ ոճիրները վաղեմութեան ժամկէտ չունին: Մեծ եղեռնի հարիւրամեակը աւարտի սահմանագիծ չէ, այլ իւրատեսակ հանգրուան: Հարիւրամեակով մենք պէտք է ամփոփենք պատմական հանգրուան մը եւ ազդարարենք յանուն արդարութեան վերականգնման պայքարի նոր շրջան մը, որ պիտի համադրուի ժխտողականութեան քաղաքականութեան դիմակայելու նոր գործիքներով, ուր մենք պէտք է ըլլանք աւելի հզօր, հզօր միջազգային հանրութեան հետ միասին, որովհետեւ միասնութեան մէջ է ուժին գաղտնիքը եւ արդարութեան յաղթանակը», յայտարարեց Հայաստանի նախագահը:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ, Պուենոս Այրեսի քաղաքային կառավարութեան 6 մայիս 2014-ի որոշումով` մայրաքաղաքի Պալերմօ թաղամասին մէջ անվճար տարածք յատկացուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի կառուցման համար: 10 յունիսին Արժանթինի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան մասնակցութեամբ եւ Հայ կեդրոնի ու Արժանթինի հայոց թեմի հովանիին ներքեւ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի կառուցման նպատակով Պուենոս Այրեսի քաղաքային իշխանութիւններուն կողմէ արժանթինահայ համայնքին անվճար յատկացուած հողատարածքի` իրաւական փաստաթուղթերը փոխանցելու պաշտօնական արարողութիւնը:
Հայաստանի նախագահը նոյն օրը այցելեց նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ծաղկեպսակ զետեղեց եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին եւ յարգանքի տուրք մատուցեց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Սերժ Սարգսեան ծաղիկներ զետեղեց նաեւ նոյն վայրին մէջ ղարաբաղեան պատերազմին ընթացքին ազատամարտիկներու յիշատակին կառուցուած յուշաքարին վրայ:

