«Նայքի» Պիտի Դադրի Մանչեսթըր Եունայթըտի Հովանաւորը Ըլլալէ

hi-res-ee42cb2b90d347b35694862c6467c94b_crop_north«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան «Նայքի» մարզական ամէն տեսակի արտադրութիւններ արտադրող ընկերութիւնը պիտի դադրի Մանչեսթըր Եունայթըտի հովանաւորը ըլլալէ:

Ըստ շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն, անգլիական ակումբը 10 տարուան համաձայնագիր մը կը պատրաստուի ստորագրելու գերմանական «Ատիտաս» ընկերութեան հետ` տարեկան անկէ գանձելով 102 միլիոն ամերիկեան տոլար, որ կը նկատուի մրցանիշ մը ակումբի մը հետ կնքուելիք համաձայնագիրին իմաստով:

Նշենք սակայն, որ «Նայքի» 2014-2015 տարեշրջանին համար վերջին անգամ ըլլալով պիտի հովանաւորէ 20 անգամ Անգլիոյ ախոյեան հանդիսացած Մանչեսթըր Եունայթըտը:

«Նայքի», որ 2002-էն ի վեր կը հովանաւորէ Մանչեսթըր Եունայթըտը, պիտի չնորոգէ 2015-ին իր աւարտելիք պայմանագրութիւնը, որովհետեւ չ՛ուզեր պայքարի մէջ մտնել «Ատիտաս»-ի հետ:

Share this Article
CATEGORIES