Ռոնալտինիօ Կրնայ Ֆութպոլ Խաղալ «Փրեմիեր Լիկա»-ին Մէջ

0907ronaldinho2002-ին աշխարհի ախոյեան հանդիսացած պրազիլցի Ռոնալտինիօ շատ հաւանաբար ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ «Փրեմիեր լիկա»-ին մէջ, կը յայտնէ «Մեթրօ» լրատուական կայքը:

Կը կարծուի, որ Սթոք Սիթի աշխատանք կը տանի իր կազմին միացնելու Աթլեթիքօ Մինէյրոյի ֆութպոլիստը:

Ռոնալտինիօ, որ 2012-էն ի վեր մաս կը կազմէ Աթլեթիքօ Մինէյրոյին, 86 մրցումի ընթացքին նշանակած է 28 կոլ:

Անոր հաւանական փոխանցումին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ չկան:

 

Share this Article
CATEGORIES