2014-ի Մոնտիալ. Ձերբակալուեցաւ Ապօրինի Տոմսերու Վաճառքով Զբաղող ՖԻՖԱ-ի Գործընկերներէն Մէկը
Ռիօ տը Ժանէյրոյի ոստիկանութիւնը ձերբակալեց «Մաչ Սերվիսզ» ընկերութեան տնօրէն Ռեմոնտ Ուիլանը, որ 2014-ի Մոնտիալին ընթացքին տոմսերու վաճառքի առեւտուրով զբաղող կեղծարար խումբերուն աջակցելու յանցանքով ամբաստանուած է:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ newsru.com-ը, ան ձերբակալուեցաւ իր իջեւանած պանդոկին մէջ, ուր խուզարկութիւն տեղի ունեցած էր:
«Մաչ Սերվիսզ» ընկերութիւնը հիմնուած է Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա) եւ կը հանդիսանայ ՖԻՖԱ-ին գործընկերը` 2010-ի եւ 2014-ի աշխարհի ախոյեանութիւններուն եւ 2009-ին եւ 2013-ին միջցամաքամասային ֆութպոլի մրցաշարքին, տոմսերու ապահովման եւ վաճառքի հարցերով:
ՖԻՖԱ-ին հետ անոր պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2014-ի Մոնտիալէն անմիջապէս ետք:
Ըստ Ռիօ Տը Ժանէյրոյի ոստիկանութեան, այդ յանցաւոր խմբակը անօրինական տոմսերու վաճառքէն ընդհանուր առմամբ 90,5 միլիոն ամերիկեան տոլարի եկամուտ ստացած է, իր լուրը կ՛եզրափակէ Armsport.am:

