2014-2015 Տարեշրջանէն Սկսեալ. «Անհետացող Փրփուրը» Պիտի Գործածուի «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարքին
2014-ի Մոնտիալին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով գործածուած «Անհետացող փրփուրը» բաւական մեծ տպաւորութիւն ձգեց ընդհանրապէս բոլորին մօտ, որովհետեւ այդ ձեւով օրուան կեդրոնի իրաւարարը, աւելի կրնայ տիրապետել մրցումին:
Աւելի կանուխ Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ 2014-2015 տարեշրջանէն սկսեալ «Լա լիկա»-ի մրցումներուն այդ ձեւը պիտի կիրարկուի:
Այժմ «Եու.Է.Էֆ.Ա.»-ն եկաւ յայտարարելու, որ նոյնը պիտի կիրարկուի նաեւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցումներուն:
CATEGORIES Մարզական

