2014-ի Մոնտիալ. Արժանթին Փենալթիներով Յաղթեց Հոլանտայի Եւ Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Լիոնել Մեսսի ցուցմունքներ կու տայ նախքան երկարաձգումը սկսիլը

Լիոնել Մեսսի ցուցմունքներ կու տայ նախքան երկարաձգումը սկսիլը

Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի կիսաւարտականի երկրորդ ճակատումին, որ կատարուեցաւ «Արենա տը Սան Փաուլօ»-ի մէջ, իրարու դէմ հանեց Արժանթինն ու Հոլանտան:

Մրցումին ներկայ եղան աւելի քան 63 հազար համակիրներ, իսկ օրուան կեդրոնի իրաւարարն էր Ճիւնէյթ Չաքըր (Թուրքիա):

Թէեւ մրցումին 90 վայրկեաններուն երկու կողմերն ալ կոլ նշանակելու առիթներ ստեղծեցին, սակայն անոնք չյաջողեցան ցնցել իրենց մրցակից բերդին ուռկանը:

Հետեւաբար դիմուեցաւ երկարաձգումի, որպէսզի երկու կազմերէն մէկը յաղթական հռչակուի:

Սակայն դարձեալ տիրապետողը եղաւ ճերմակ հաւասարութիւնը, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ դիմուի անխուսափելիին` փենալթիներու հարուածներուն:

Արժանթինի ուրախ մարզիկները

Արժանթինի ուրախ մարզիկները

Մրցումին յաղթականը եղաւ Արժանթին, որ 4 – 2 արդիւնքով յաղթեց Հոլանտայի եւ ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, ուր յառաջիկայ կիրակի կը մրցի Գերմանիոյ դէմ:

Լիոնել Մեսսի, Էզեքուիել Կարայ, Սերճիօ Ակուերօ եւ Մաքսի Ռոտրիկեզ նշանակեցին այդ փենալթիները, իսկ Հոլանտայէն` Արժեն Ռոպեն եւ Տըրք Քիւյթ:

Ռոն Վլաարի եւ Ուեսլի Շնայտըրի հարուածները վարպետօրէն զսպեց Արժանթինի բերդապահ Սերճիօ Ռոմերօ:

Հետաքրքրական եղաւ երկու խումբերուն` Արժանթինի եւ Գերմանիոյ աւարտական հանգրուան հասնիլը: Անոնք 24 տարի առաջ` 1990-ի Մոնտիալին իրարու դէմ յանդիման եկած էին:

 

Հոլանտա - Արժանթին Երէկուան Մրցումէն

Հոլանտա – Արժանթին Երէկուան Մրցումէն

Share this Article
CATEGORIES