Ակնարկ. Բերդապահներուն Մոնտիալը Եւ Նոր Աստղի Մը Ծագումը

Ս. ԷՍԿԻՃԵԱՆ

Արդէն հասած ենք Մոնտիալի աւարտին, եւ արդէն աշխարհի լաւագոյն խումբերը իրարու դէմ պիտի մրցին եւ մէկը պիտի դառնայ աշխարհի յաջորդող 4 տարուան ախոյեանը, որուն մասին պիտի յիշենք եւ լսենք մինչեւ Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի Մոնտիալը:

Փաստօրէն, 1930-ի Մոնտիալէն մինչեւ օրս միշտ կը յիշուին ախոյեանը, լաւագոյն մարզիկը եւ կոլսքորըրը. մինչ անդին միշտ ալ եղած են մարզիչներ, մարզիկներ (բերդապահ, յետսապահ), որոնք առիթը չեն ունեցած առանձնապէս յիշուելու եւ կամ իրենց անունը չէ յիշուած պարզապէս, որովհետեւ Մոնտիալի ընթացքին ֆութպոլասէրները կը սիրեն տաղանդ ունեցող կամ կոլ նշանակող մարզիկները եւ անոնց վրայ կը կեդրոնանայ բոլորին ուշադրութիւնը:

Ճիշդ է, որ Փելեն, Միւլըրը, Մարատոնան, Զիտանը, Ռոմարիոն եւ կամ Ռոնալտոն յիշատակ ձգեցին իրենց ետին Մոնտիալներու ընթացքին, բայց պէտք չէ մոռնալ նաեւ այն բերդապահները, որոնք մեծ ազդեցութիւն ունեցած են եւ օժանդակած, որ ազգային հաւաքականը հասնի աւարտական հանգրուանի: Յիշեցնենք 1982-ին Սպանիոյ մէջ Իտալիոյ հսկան` 42 տարեկան Տինօ Զոֆֆը, 1986-ին Մեքսիքայի մէջ Պելճիքայի տոլֆինը` Ժան-Մարի Փֆաֆֆ, 1990-ին Իտալիոյ մէջ փենալթիներու որսորդը` արժանթինցի Սերճիօ Կոյքոչիյան, 1994-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ Պելճիքայի ձուկը` Միշել Փրոտհոմ, 1998-ին Ֆրանսայի մէջ  ճաղատ Ֆապիան Պարթեզը, 2002-ին լաւագոյն խաղացող եւ բերդապահ առիւծը` Օլիվըր Քան, 2006-ին իտալացի սիւփըրման Ճիճի Պուֆոնը եւ 2010-ին Սպանիոյ «սուրբը»` Իքեր Քասիյասը:

Այսօր` 2014-ի Մոնտիալի աւարտին, երբ դիտենք բոլոր մրցումները եւ ուշադրութեամբ կարդանք ու լսենք բոլոր մարզիչներու վկայութիւնները, թերթերու կամ համացանցի վիճակագրութիւնները, փաստօրէն այս Մոնտիալը պիտի յիշուի ոչ թէ ախոյեանին անունով միայն, այլեւ բերդապահներու Մոնտիալը դառնալու իրողութեամբ: Ամէնէն համեստ, ճկուն, տինամիք բերդապահները գրաւեցին բոլորին ուշադրութիւնը` իրենց լաւ խաղաոճով, ճշգրիտ տեղին միջամտութիւններով փրկեցին եւ յաջորդ հանգրուանի տոմսերը ապահովեցին իրենց հաւաքականներուն: Այսպէսով յիշենք անոնցմէ   քանի մը անունները.

– Թիմ Հաուըրտ.- Միացեալ Նահանգներ, Էվըրթընի 35 տարեկան ամերիկացի բերդապահը ոչ միայն լաւ խաղարկութիւն ունեցաւ, այլեւ մրցանիշ մը հաստատեց Պելճիքայի դէմ մրցումին` 16 ստոյգ առիթներէ փրկելով, բան մը, որ չէր պատահած 1966-էն ի վեր:

– Մանուէլ Նոյեր.- Գերմանիա, Պայերն Միւնիխի 28 տարեկան բերդապահը ոչ միայն իր քառակուսիին տէրն էր, այլեւ մէկ խօսքով իր խումբին 5-րդ յետսապահն էր: Ան բազմիցս դուրս կու գար եւ ոտքով լաւ փոխանցումներ կատարելով կ՛օգնէր իր ընկերներուն:

– Քէյլար Նաւաս.- Քոսթա Ռիքա, 28 տարեկան Լեվանթէի բերդապահը, ազգային հերոսի ճանաչումը ստացաւ իր երկրին մէջ: Նաւաս ոչ միայն շատ կոլեր չստացաւ (2 կոլ` 5 մրցումի ընթացքին) այլեւ Քոսթա Ռիքան մինչեւ քառորդ աւարտական հասցնողներէն էր:

– Կիերմօ Օչուա.- Մեքսիքա Աժաքսիօ, շատեր թերեւս չէին փափաքեր, որ Օչուա ըլլար Մեքսիքայի բերդապահը` իր ակումբին հետ ձախող արդիւնքներուն պատճառով, բայց 29 տարեկան բերդապահը փաստեց, որ ինք արժանի է եւրոպական աւելի լաւ ակումբի մը մաս կազմելու:

Ասոնց կողքին անշուշտ պէտք չէ մոռնալ պրազիլցի Ժուլիօ Սեզարը, հոլանտացի Ժեսփըր Սիլլեընը, Չիլիի Քլաուտիօ Պրաւոն, Պելճիքայի Թիպօ Քուրթուան, Ֆրանսայի Հոկօ Լլորիսը եւ Նիկերիոյ Վենսըն Քնիաման: Իսկ անդին շատ լաւ բերդապահներ, ինչպէս` Քասիյաս, Պուֆոն, Հարթ, Աքինֆիեւ, Փլեթիփոզա շատ անյաջող եւ յուսախաբ Մոնտիալ մը ունեցան:

Ինչ կը վերաբերի նոր աստղին ծագումին:

Ճիշդ է, որ Մեսսի, Ինիեսթա, Նէյմար, Փիրլօ եւ շատ ուրիշներ ունեցան տպաւորիչ եւ համոզիչ խաղարկութիւն, բայց յառաջիկայ տարիներուն պիտի լսենք, որ նոր սերունդի ֆութպոլասէրներ պիտի ուզեն նմանիլ Մոնտիալի նոր աստղին` քոլոմպիացի 22 տարեկան Ճէյմս Ռոտրիկեզի, որուն համար արդէն եւրոպական մեծ ակումբներ հսկայական գումարներ կը վճարեն, որպէսզի ձեռք ձգեն Մոնաքոյի թիւ 10 շապիկը կրողը: Հակառակ անոր, որ Քոլոմպիա դուրս մնաց Մոնտիալի քառորդ աւարտականէն, բայց մինչեւ աւարտական մրցում` վստահաբար Ռոտրիկեզի 6 կոլերը եւ 2 փոխանցումները եւ տրիպլէները պիտի մնան եւ յիշուին երկար ժամանակ:

Այսպիսով, 2014-ի Մոնտիալի ախոյեանի անունը տակաւին չհռչակուած, բոլորիս ուշադրութիւնը արդէն իսկ գրաւած են վերոնշեալ բերդապահները եւ նոր աստղը:

 

Share this Article
CATEGORIES