Արուեստի Աշխարհէն. Դասական Գիրքեր Նստարանի Կը Վերածուին
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

«Փատինկթըն պեր» մանուկներու նախասիրած դասական գործերէն է:
ԳՐԱԿԱՆ ԴԱՍԱԿԱՆ ԳՈՐԾԵՐ, ԻՆՉՊԷՍ` «ՓԻԹԸՐ ՓԱՆ» ԵՒ «ՏԸ ՏԷՅ ԱՖ ՏԸ ԹՐԻՖԻԾ» Կ՛ՈԳԵԿՈՉՈՒԻՆ ՊԱՏԿԵՐԱԶԱՐԴ ԵՒ ԳՈՒՆԱԳԵՂ ՆՍՏԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔՈՎ ՄԸ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՔԱՋԱԼԵՐՈՂ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՀՆԱՐՔԸ:
Արուեստագէտներ եւ գրագէտներ ձեւագծած են բաց գիրքի երեւոյթով 50 նստարաններ, որոնք պիտի տեղադրուին Լոնտոնի տարածքին:
Արուեստագէտներուն շարքին են շարժուն գծանկարներ ձեւագծող Ռալֆ Սթետման եւ համակարգչային արհեստագիտութեամբ ժապաւէնի վերածուած «Հաու թու թրէյն եուր տրեկըն» գիրքի հեղինակ Քրեսիտա Քաուըլ:
Գաղափարը յղացած է Բրիտանիոյ Ազգային գրաճանաչութեան հիմնադրամը` ոգեկոչելու համար ընթերցանութեան աւանդութիւնը:
«Շատ խանդավառ եմ «Հաու թու թրէյն եուր տրեկըն» գիրքին բնաբանով նստարան մը ձեւագծելու գաղափարով եւ մասնակցելով հիմնադրամին «Պուքս ըպաութ թաուն» (գիրքեր` քաղաքին տարածքին) վերնագիրով արշաւին, որուն նպատակն է ոգեկոչել գրականութեան հարուստ աւանդը եւ գիրքեր պատկերազարդելու արուեստը այս երկրին մէջ», կ՛ըսէ Քաուըլ, որ կը պատկերազարդէ իր գրած գիրքերը:
«Կը յուսամ, որ «Գիրքեր` քաղաքին տարածքին» արշաւը Լոնտոնի փողոցներէն անցնող քաղաքացիներուն պիտի յիշեցնէ գիրք կարդալու հաճոյքը»:

«Հաու թու թրէյն եուր տրեկըն» գիրքին նուիրուած նստարանը կ՛արտացոլէ Քրեսիտա Քաուըլի տաղանդը իբրեւ արուեստագէտ եւ գրագէտ:
Սթիտման, որ 1973-ին պատկերազարդած է Լուիս Քերըլի մանկական դասական «Թրու տը լուքինկ-կլաս» (հայելիին ընդմէջէն) գործը, իր կարգ մը պատկերազարդումները վերարտադրած է նստարաններէն մէկուն համար:

Մանկական գրականութեան հեղինակ Լորեն Չայլտ ձեւագծած է նստարան մը` հիմնուած իր «Քլարիս պին» գիրքերու շարքին վրայ:
Համաշխարհային յաջողութիւն վայելող «Ուոր հորս» (պատերազմի ձի) թատրերգութիւնը եւս ոգեկոչուած է նստարանի մը վրայ, զոր ձեւագծած է Բրիտանիոյ Ազգային թատրոնի մրցանակակիր բեմայարդար Ռայ Սմիթ:
Գրական հերոսներ, ինչպէս` Շերլոք Հոլմս, Ճէյմս Պոնտ, Մերի Փոփինզ եւ Հերքիւլըս Փոյրոթ եւս կը յայտնուին նստարաններու վրայ` այցելուները առաջնորդելով գրական ուղիներով:
Նստարանները հոկտեմբեր 7-ին աճուրդի պիտի դրուին Լոնտոնի Սաութպենք սենթըրին մէջ: Հասոյթը պիտի յատկացուի Ազգային գրաճանաչութեան հիմնադրամին: Գումարը պիտի տրամադրուի Բրիտանիոյ թշուառ հաւաքականութիւններուն մէջ անգրաճանաչութեան դէմ պայքարին:

«Օլուէյզ թրայ թու պի է լիթըլ քայնտըր տեն նեսեսերի» գիրքէն ներշնչուած նստարան մը:
«Օլուէյզ թրայ թու պի է լիթըլ քայնտըր տեն նեսեսերի» (միշտ փորձէ քիչ մը աւելի ազնիւ ըլլալ, քան ինչ որ պէտք է) գիրքէն ներշնչուած նստարաններու նպատակն է մանուկներու եւ չափահասներու ցոյց տալ, թէ ինչպէ՛ս ընթերցանութիւնը կարելի է վերածել հաճոյքի եւ ներշնչման աղբիւրի:
Հիմնադրամը նաեւ հրապարակած է ուսումնասիրութեան մը արդիւնքները, որոնք ցոյց կու տան, թէ մանուկներուն քով ընթերցանութեան հաճոյքը աւելցած է:
Հիմնադրամին 2013-ին հրապարակած «Չիլտրըն՛զ էնտ եանկ փիփըլ՛զ ռիտինկ» տեղեկագիրը հիմնուած է 8-16 տարեկան 30 հազար մանուկներու եւ պատանիներու վրայ կատարուած վիճակագրութեան մը վրայ, որուն համաձայն, անոնց 53.3 առ հարիւրը «շատ կը սիրէ» կամ «բաւական շատ կը սիրէ» կարդալ:
Այս համեմատութիւնը կը գերազանցէ ընթերցանութեան հաճոյքի բարձրագոյն համեմատութիւնը, որ արձանագրուած էր 8 տարի առաջ: 2005-ին կատարուած վիճակագրութեան մը համաձայն, անիկա 51.4 առ հարիւր էր:

