Արուեստի Աշխարհէն. Ելեկտրոնային Գիրքեր` Ընդդէմ Թղթակազմ Հրատարակութիւններու

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985book1Ո՞Ր ՏԱՐԲԵՐԱԿԸ ՊԻՏԻ ՆԱԽԸՆՏՐԷՐ ՈՉ ԹԷ ՄԵՐ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ, ԱՅԼ` ՄԵՐ ՈՒՂԵՂԸ: «ՏԸ ՖԱՅՆԵՆՇԸԼ ԹԱՅՄԶ» ԿԸ ՏԵՂԵԿԱԳՐԷ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ, ՈՐՈՆՔ ԿԸ ՄՂԵՆ ՎԵՐԱՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱՐԿԵԼՈՒ ՄԵՐ ՀԱՄՈԶՈՒՄՆԵՐԸ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԸ ՀԱԿԱԶԴԵՆՔ ԳՐԱՒՈՐ ԲԱՌԻՆ:

Վերջին տարիներուն հետզհետէ աւելի դժուարացած է արձակուրդի առիթով գիրքեր ընտրելը: Այժմ հարցը ո՛չ թէ գիրքի ընտրութիւնն է, այլ` ինչ ձեւի գիրք ընտրելը. թուղթի՞ վրայ տպուած գիրք, ելեկտրոնայի՞ն, թերեւս նոյնիսկ` հեռաձա՞յնի վրայ կարդացուող: Իսկ մարդիկ անզիջող կարծիքներ ունին, թէ ո՛ր միջոցը լաւագոյնն է: Սակայն, արդեօք որեւէ ընտրանք գինէն եւ յարմարութենէն անդի՞ն է: Այս հարցումին պատասխանը, որ կու տան տարբեր ձեւի գիրքեր կարդալու վերաբերող ջղագիտական եւ հոգեբանական ուսումնասիրութիւններ` շեշտուած «այո՛» է:

Պաստառի Մշակոյթ

«Պաստառի մշակոյթի» վտանգներուն դէմ զգուշացնող անձերը բազմաթիւ են: Ջղագէտ Սիւզըն Կրինֆիլտ տեւաբար մտավախութիւն յայտնած է, թէ արհեստագիտութիւնը մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի անծանօթ վայրեր, եւ թէ` «ուղեղը հաւանաբար կը յարմարի աննախընթաց ձեւերով»: Թէեւ ան հակամէտ է շեշտելու, թէ նման փոփոխութիւններ կրնան դրական կամ ժխտական ըլլալ, այսուհանդերձ, անոր ժխտական մտածումներն են, որոնք առաւելաբար մէջբերուած են լրատուամիջոցներու կողմէ եւ` բարձրաձայն շեփորուած:

Միւս կողմէ` վիպագիր եւ քննադատ Ուիլ Սելֆ վերջերս կը վիճէր, թէ թուային աշխարհին հետ կապը վտանգ կը սպառնար լուրջ վէպին գոյութեան, որովհետեւ լուրջ վէպը կը պահանջէ ընթերցողին համակ ուշադրութիւնը: Յառաջիկայ 20 տարիներէն անդին պատկերացնելով` ան կը կատարէր հետեւեալ հարցադրումը. «Եթէ կ՛ընդունինք, թէ մինչ այդ գրութիւններուն մեծ մասը պիտի կարդացուի համացանցի կապուած թուային գործիքներու վրայ, արդեօք նաեւ կը հաւատա՞նք, թէ ընթերցողներ կամաւոր կերպով պիտի խզեն համացանցի հետ իրենց կապը: Եթէ մեր պատասխանը «ո՛չ» է, ապա վէպին մահկանացուն կնքուած է` նոյնինքն մեր բառերով»:

Ելեկտրոնային ընթերցանութիւնը վստահաբար կը տարածուի: «Փիւ» ուսումնասիրական կեդրոնին կողմէ հրապարակուած նորագոյն տեղեկագիրներուն համաձայն, մինչեւ 2010  Միացեալ Նահանգներու մէջ գրեթէ ոչ ոք ելեկտրոնային գիրք կարդալու գործիք կամ թապլեթ ունէր: Այժմ երկրին բնակիչներուն շուրջ կէսը ունի նման գործիք մը: Անցեալ տարի ե-գիրք (ի-պուք) կարդացած անձերուն թիւը կը կազմէր 28 առ հարիւրի համեմատութիւն մը, որ 2011-ին 17 առ հարիւր էր: Բրիտանիոյ մէջ գիրքերու վաճառքի պատկերը ուսումնասիրող «Նիլսըն» ընկերութեան կողմէ հրապարակուած թիւեր ցոյց կու տան, թէ 2013-ին գնուած 4 գիրքէն մէկը ե-գիրք մըն էր: Նախորդ տարի համեմատութիւնը 5-էն մէկ էր:

Արդեօք այս երեւոյթը պէ՞տք է մտավախութիւն պատճառէ: Որոշ ապացոյցներ մտածել կու տան, թէ պաստառի վրայ ընթերցանութիւնը կրնայ տկարացնել հասկնալու կարողութիւնը եւ ժխտական ներգործութիւն ունենալ քնանալու վրայ: Սակայն այս ծիրին մէջ ուսումնասիրութիւնները բարդ են եւ ոչ համապարփակ: Ամէն պարագայի` անոնք կարդալու ամէնէն գերադաս միջոցը յանձնարարելէ աւելի` հետաքրքրական այլ արդիւնքներ կ՛ընձեռեն: Անոնք մտածել կու տան այն մասին, թէ ի՛նչ կը նշանակէ կարդալ:

Ի՞նչ Կը Նշանակէ Կարդալ

Մինչ ուսումնասիրողներ կը քննեն տարբեր միջոցներով ընթերցանութեան տարբերութիւնները, անդին` անոնք նաեւ կը փորձեն մանրակրկիտ կերպով զատորոշել այն, ինչ որ կ՛ընենք կարդալու ժամանակ: Օրինակ` անոնք կը զատորոշեն տարբերութիւնը «խորասուզուած ընթերցանութեան» եւ «աշխուժ ընթերցանութեան» միջեւ, այսինքն, երբ նոթեր կ՛արձանագրենք լուսանցքներու մէջ, կամ, երբ գիրքը վար կը դնենք անոր բովանդակութեան առնչուող բան մը ստուգելու համար:

Երբ Սկովտիոյ Օփըն համալսարանէն Էն Քամփպել ուսումնասիրած է, թէ ուսանողներ ինչպէ՛ս գիրք կարդալու յատուկ Քինտըլ գործիքով կամ թղթակազմ գիրք կը կարդան, ան ի յայտ բերած է, թէ ելեկտրոնային գործիքները կը խթանեն խորասուզուած ընթերցանութիւնը եւ կը տկարացնեն աշխուժ սորվելու կարողութիւնը: Յայտնապէս տարբերութիւնը կախեալ է գիրքի մը ձեւէն: «Ուսանողներ նուազ կը ցրուին, երբ կ՛օգտագործեն ե- գիրք կարդացող Քինտըլ գործիքին հիմնական տարբերակը: Անոնք կը ստիպուին կեդրոնանալ, որովհետեւ չեն կրնար ետ ու առաջ դարձնել էջերը», կ՛ըսէ ան: Այլ ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, թէ մարդիկ աւելի դանդաղ կը կարդան պաստառին վրայ, քան` թուղթին:

Նիւ Եորքի Նահանգային համալսարանէն Սառա Մարկոլին ուսումնասիրութիւն մը կատարած է այս մարզին մէջ: Ան կ՛ըսէ, թէ՛ «ընթերցանութեան կշռոյթը դանդաղեցնելը յաւելեալ ժամանակ կու տայ մտային աւելի ամուր եւ կուռ պարունակի մէջ տեղադրելու մեր կարդացած գրութիւնը», իսկ` «կարդալու ժամանակ էջերը ետ ու առաջ դարձնելու առիթ չունենալը կրնայ նպաստաւոր ըլլալ, որովհետեւ ընթերցողին կը ստիպէ չխախտել կարգը եւ պահել հեղինակին ստեղծած կառոյցը»: Այսուհանդերձ, անիկա առիթ չի տար վերադառնալու եւ կարդալու էջ մը, ինչ որ պիտի նպաստէր «գերհասկացողութեան», այսինքն` անդրադառնալու, թէ արդեօք հասկցա՞ծ ենք մեր կարդացած նիւթը:

Այս օրինակը բաւարար է ցոյց տալու, թէ ինչպէ՛ս թուղթի վրայ տպուած գրականութիւնը պաստառի վրայ տպուած գրականութենէն գերադաս նկատելը շատ պարզունակ վիճարկութիւն մըն է: Ճիշդ է, որ համակարգիչին պաստառին վրայ կարդալը համակարգիչի մուկին մէկ սեղմումով կը ստեղծէ ցրուելու անսահման առիթներ եւ շատ տարբեր է ելեկտրոնային գործիքներով կարդալու փորձառութենէն: Սակայն նաեւ շատ բան կախեալ է մեր կարդացած նիւթէն, եւ թէ` ինչո՛ւ կը կարդանք զայն: Թայուանի մէջ կատարուած ուսումնասիրութեան մը արդիւնքները ցոյց կու տան, թէ աւանդական թղթակազմ գիրքեր կարդալը շատ աւելի նպաստաւոր է միջին տարիքի ընթերցողներու համար, որովհետեւ կը դիւրացնէ անոնց տառացի հասկնալու գործընթացը, սակայն համակարգիչին վրայ կարդալը կ՛օգնէ տրամաբանութեան վրայ հիմնուած հասկացողութեան: Այլ խօսքով, համացանցի կապուած միջավայրը առիթ կու տայ, որ մարդիկ կապակցութիւններ ստեղծեն եւ լուծումներ գտնեն, մինչդեռ ուղղակի կարդալը կը ստիպէ, որ անոնք ընկալեն միայն այն, ինչ որ գրուած է իրենց դիմաց: Հետեւաբար համակարգիչի պաստառին վրայ բազմաթիւ կապերու առկայութիւնը կը ստեղծէ ցրուելու պատճառ կամ յաւելեալ առիթ կ՛ընձեռէ աշխուժ սորվելու:

Մինչ ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, թէ հասկնալու կարողութիւնը կը նուազի պաստառին վրայ կարդալով, անդին` դժուար է գիտնալ, թէ արդեօք ասիկա արդիւնք է արհեստագիտական տուեալ գործիքի՞ն եւ զայն գործածելու մարդոց ծանօթութեա՞ն: «Երբ մեր ձեռքին մէջ ունինք գործիք մը, զոր գործածելը համակ ուշադրութիւն կը պահանջէ, անիկա կրնայ սպառել գործող յիշողութեան աղբիւրները», կ՛ըսէ Մարկոլին: Այսուհանդերձ, անոր ուսումնասիրութիւնը ապացուցած է հակառակը, հաւանաբար որովհետեւ իր փորձարկած գործիքը գործածելը դիւրին էր եւ ուսումնասիրութեան մասնակցողները ծանօթ էին օգտագործուած արհեստագիտութեան:

Նախընտրութեան Հարց

«Ասիկա լաւ օրինակ մըն է. որքա՛ն դժուար է որոշել, թէ յատուկ ձեւով կարդալու մեր նախընտրութիւնները ի՞նչ չափով կախեալ են հասկնալու անհրաժեշտ տուելաներէ, եւ թէ` արդեօք անոնք պարզապէս մշակութայի՞ն հիմք ունին: Ինչպէս այլ ուսումնասիրող մը` Սիմոնէ Պենետեթթօ կը մատնանշէ` «Մարդոց մեծամասնութիւնը կը շարուանկէ մանկութենէն  կարդալ սորվիլ թուղթի վրայ, ինչ որ մեծ դեր ունի թուղթի վրայ կարդալու նախընտրութեան մէջ»:

Պէտք է նկատի ունենանք, թէ ե-գիրքեր կարդացող գործիքները նորութիւն են եւ զանոնք յայտնագործած անձերը կը շարունակեն բարելաւել զանոնք: Օրինակ, Մարկոլին կ՛ըսէ, թէ պաստառին վրայ կարդալու գլխաւոր դժուարութիւններէն մէկը այն է, թէ աչքը կը յոգնեցնէ եւ գիշեր ժամանակ կրնայ խանգարել մարմնին 24 ժամուան պարբերաշրջանի վրայ հիմնուած կենսաբանական ժամացոյցը: Համեմատաբար նոր արտադրութիւններ, ինչպէս` Քինտըլի ե,- գիրք կարդացող փէյփըրուայթ տարբեակը կը փորձեն յաղթահարել նման հարցեր:

Այլ հարցերու պարագային դժուար է ըսել, թէ անոնք ներհուն բնոյթ ունին: Օրինակ, Քամփպել կը բացատրէ, թէ ինչպէ՛ս մեր կարդացած նիւթերուն «իմացական քարտէսները» կը գծենք կարդալու ժամանակ: Այսինքն մեր տեսողական յիշողութեան մէջ կ՛արձանագրենք, թէ արդեօք որոշ պարբերութիւններ կը գտնուէին գիրքի մը ձախ էջին վե՞րը, թէ՞ վարը, ինչպէս նաեւ գիրքի մը ծաւալը զգայարաններու միջոցով կշռելէ ետք կը պատկերացնենք մնացեալ էջերու քանակը: Ասիկա կ՛օգնէ բացատրելու, թէ ինչո՛ւ Պենետեթթօ ի յայտ բերած է, թէ «պաստառին վրայ էջ մը արագ սահեցնելով կարդալը կը ջլատէ տարածքի հետ կապուած յիշողութիւնը» եւ կը դժուարացնէ գրութեան մը մէջ «շրջիլը»: Այսուհանդերձ, ինչպէս Քամփպել կ՛ըսէ, տարիներ շարունակ նոյն ձեւով կարդալով` անգիտակցաբար սորված ենք ստեղծել իմացական քարտէսներ, եւ հաւանաբար ե-գիրք կարդալու գործիքներով հասակ նետած սերունդը պարզապէս պիտի չապաւինի նման քարտէսներ գծելու նոյն միջոցներուն, փոխարէնը` պիտի օգտագործէ որոշ նիւթեր փնտռելու ծառայող բառեր, ինչպէս նաեւ համացանցի ծրագիրի մը ընձեռած գործիքները` նաւարկելու համար ելեկտրոնային աշխարհին մէջ: Թերեւս այս մէկը նոյնիսկ աւելի արդիւնաւէտ կրնայ ըլլալ:

Նուա՞զ Կը Կարդանք

Ուսումնասիրութեան բոլորովին այլ մարզ մըն է մղումը: Համացանցի դարաշրջանին վերաբերող գլխաւոր մտահոգութիւններէն մէկը այն է, թէ ներկայ դարու մանուկները նուազ կը կարդան: Սակայն որոշ ապացոյցներու համաձայն, եթէ ե-գիրք կարդացող գործիքները ճիշդ ձեւով գործածուին, անոնք կրնան խթանել ընթերցանութիւնը: Քամփպել կը նշէ Բրիտանիոյ Ազգային գրաճանաչութեան հիմնադրամին կողմէ անցեալ տարի կատարուած վիճակագրութիւն մը, որ ի յայտ բերած է, թէ մանուկներ աւելի կը կարդան ե-գիրք կարդացող գործիքներով, քան` թուղթի վրայ տպուած գիրքեր: Ան գլխաւոր պատճառը կը նկատէ այս գործիքին թեթեւ, փոքր եւ շարժական բնոյթը, որուն վրայ կարելի է կարդալ որեւէ ժամանակ, ինչպէս` պաս սպասելու:

Ե-գիրք կարդացող գործիքներուն առաւելութիւնը նաեւ այն է, թէ դուրսէն դիտուած` անկարելի է գիտնալ, թէ մէկը ի՛նչ կը կարդայ: Սովորաբար դժուար կ՛ընդունինք այս խորհրդապահութիւնը: Մեր ձեռքի գիրքը կամ սրճարանի մը սեղանին վրայ դրած մեր գիրքը հանրային հաստատում մը կը կատարէ մեր ինքնութեան մասին: Հետեւաբար ե- գիրք կարդացող գործիքները կը փարատեն մեր ինքնութեան եւ «պատկերին» առնչուած մտավախութիւնները եւ կ՛ընձեռեն արտօնագիր մը` ազատօրէն գոհացնելու մեր հետաքրքրութիւնները:

Ճիշդ ձեւով գործածելու պարագային` ե-գիրք կարդացող գործիքները մեծ օգտակարութիւն կրնան ունենալ շատերուն, ինչպէս ցոյց կու տայ Հարվըրտ համալսարանին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը: «Ե- գիրքեր կարդացող գործիքները աւելի արդիւնաւէտ են` տիսլեքսիայէ տառապող կարգ մը անձերու քով» վերնագիրով ուսումնասիրութեան մը մէջ Մաթիւ Շնեփս կը շեշտէ, թէ տիսլեքսիայէ տառապողները հակամէտ են տարուելու էջի մը վրայ գրուած այն բառերով, որոնք կը գտնուին տուեալ վայրկեանին կարդացուած բառերուն կողքին: Նման դժուարութիւններէ տառապող անձերուն կրնան օգնել ե-գիրք կարդացող գործիքներուն նեղ լուսանցքները, ինչպէս նաեւ` գրութեան մը էջադրումը փոխելու կարելիութիւնը: Այսինքն` իւրաքանչիւր ընթերցող կրնայ ստեղծել իրեն համար ամէնէն նպաստաւոր ընթերցանութեան միջավայրը, մինչդեռ տպագրուած գիրքի պարագային գրութեան մը շարուածքը կը մնայ անփոփոխ:

Յայտնապէս համոզիչ ապացոյցներ չկան` փաստելու համար, թէ պաստառի վրայ կարդալը աւելի լաւ է թուղթի վրայ կարդալէն: «Եթէ իմացական գործօնը հզօր կը նկատենք, ապա նոյնքան հզօր է նաեւ մշակութային գործօնը», կ՛ըսէ Պենետեթթօ: Մարկոլինի համաձայն, «թուղթի կամ պաստառի վրայ կարդալու նախընտրութիւնը պարզապէս նախընտրութեան հարց է: Նաեւ` հետզհետէ աւելի մեծ թիւով մանուկներ եւ պատանիներ կը նախընտրեն ընթերցանութեան թուային տարբերակը: Բրիտանիոյ Ազգային գրաճանաչութեան հիմնադրամին վիճակագրութեան համաձայն, 8-16 տարեկան մանուկներու 52 առ հարիւրը կը նախընտրէ կարդալ պաստառի վրայ, իսկ 32 առ հարիւրը` թուղթի:

Նորվեկիոյ Սթաւանկըր համալսարանի դասախօս Էն Մանկըն կ՛ըսէ, թէ հարկ է տասնամեակներու վրայ երկարող ուսումնասիրութիւններ կատարել` որոշելու համար, թէ կարդալու տարբեր միջոցներու ո՛ր ազդեցութիւնները աւելի կ՛առնչուին զանոնք գործածելու մեր ծանօթութեան հետ եւ ո՛ր ազդեցութիւնները` մարդկային իմացական աշխարհին ներհուն դրուածքին:

Այսուհանդերձ, ուսումնասիրութիւններ արդէն շատ բան ըսած են մեզի այսօրուան ընթերցանութեան ուղղութիւններուն վերաբերեալ: Ամէն բանէ առաջ անոնք կը շեշտեն, թէ նոյնիսկ թուղթի վրայ կարդալու պարագային գոյութիւն ունին տարբեր մօտեցումներ: Մեզմէ շատեր հաւանաբար ունին իրենց նախասիրած ոճը. կը կարդանք պարբերութիւնները խտացնելով կամ տողերը փախցնելով, գիրքին առաջին բառէն մինչեւ վերջին բառը, էջերը կը պահենք մաքուր կամ լուսանցքները կը խճողենք նոթերով: Հաւանաբար նման սովորութիւններ ստեղծուած են մանկութեան փորձառութիւններով եւ մեր ձեռքին մէջ մեզ խթանող գիրքին պատկերով: Այլընտրանքներու մասին գաղափար մը ունենալը կրնայ պարզապէս օգնել, որ աւելի արդիւնաւէտ ձեւով կարդանք, խուսափինք ցրուելէ եւ խորասուզուինք երեւակայական վէպի մը մէջ կամ գիտակցաբար ընտրենք ոչ երեւակայական ընթերցանութեան թելը` տեղեկութիւններ փնտռելու կամ տարածելու համար:

Երկրորդ` օգտակար է գիտնալ, թէ սովորութիւնը, նորաձեւութիւնը եւ մշակոյթը ինչպէ՛ս կը ձեւաւորեն մեր նախասիրութիւնները: Երբ գնացքի մը մէջ գիրք մը կը սկսինք կարդալ, մեր կարդալու ընտրութիւնը ի՞նչ չափով կը կրէ ազդեցութիւնը մեր այն ենթադրութեան, թէ ի՛նչ կը նշանակէ պատշաճ գիրք մը, թէ` անձ մը ի՛նչ գիրք կարդալով պատշաճ տպաւորութիւն կը ստեղծէ հանրութեան մէջ:

Ընթերցանութեան կարեւորութիւնը ակներեւ է, հետեւաբար շատ դիւրին է ապացուցել գիրք մը կարդալու իմաստը: Թերեւս ե-գիրք կարդացող գործիքներուն բուն նպաստը պիտի ըլլայ վերատեսութեան ենթարկել այս ենթադրութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES