75-Ամեակի Սերունդի Հունձքը Լուսաւորեց Մեսրոպեան Վարժարանի Դէպի 100-Ամեակ Երթը

2014-06-05-Mes-Prom-(745)Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու աւարտական աշակերտներու վկայականներու բաշխումի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 5 յունիս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, վարժարանի բակին մէջ:

2014-06-05-Mes-Prom-(1817)Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգները լսելէ ետք մուտք գործեցին շրջանաւարտները: Խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ առաջին հերթին խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` ըսաւ. «Ձեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք չէ մոռնայ իր ազգային պատկանելիութիւնը եւ ուր որ ալ գտնուի ու ինչ պայմաններու մէջ ալ ըլլայ պէտք է տարածէ Հայկի յաղթական ոգին, Սասունցի Դաւիթի պայքարելու խիզախութիւնը, Վարդանի անձնազոհութիւնն ու Անդրանիկներու կամքը»:

Տնօրէնը  յայտարարեց, որ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի արաբերէն քննութիւններուն Մեսրոպեան վարժարանի աւարտական դասարանէն երկու աշակերտներ յաջողութեամբ աւարտած են եւ ստացած` համալսարանական ուսումի ամբողջական կրթաթոշակ, ինչ որ ցուցանիշ է վարժարանի կրթութեան բարձրորակ մակարդակին: Մեսրոպեանի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն, ծնողներուն, բարերարներուն եւ բարեկամներուն, որոնց հաւաքական ջանքերուն շնորհիւ կարելի է նուաճումներ արձանագրել:

Շրջանաւարտներու հայերէն խօսքը արտասանեց Մեղրի Չարըգեան: Ան ըսաւ, որ թէեւ դժուար է բաժնուիլ իրենց սիրելի վարժարանէն, բայց իւրաքանչիւրը Մեսրոպեան մը պիտի ունենայ իր հոգիին մէջ ու պիտի դառնայ մշակը հայ ժողովուրդին:

Ալիս Աբարդեան արաբերէնով կարդաց 75-ամեակի մաղթանք մը:   Շրջանաւարտներու ֆրանսերէն խօսքը արտասանեց Աննա Քրիսթինա Գոլանճեան, որ յայտնեց, թէ շրջանաւարտները ստացած են 75-ամեայ ամուր կառոյցէն 15 տարուան կրթութիւն, եւ այս արժէքը ինքնին կ’ապահովէ եւ կ’երաշխաւորէ իւրաքանչիւր շրջանաւարտի փայլուն ապագան: Գոլանճեան շնորհակալութիւն յայտնեց տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն` իրենց նուիրական աշխատանքին համար:

Շրջանաւարտներու արաբերէն խօսքը արտասանեց Սանտրա Չէօլմեքեան, որ նշեց, թէ այս հանդիսութեամբ շրջանաւարտներու երազներէն մէկը իրականացաւ, բայց անդին կան բազմաթիւ երազներ, որոնց իրականացման համար շրջանաւարտները պէտք է ունենան հաւատք եւ կամք` աշխարհին ցոյց տալու, որ իրենք ժառանգորդներն են պահանջատէրերու:

Ներկաները դիտեցին աւարտական դասարաններու աշակերտներու առօրեան ներկայացնող տեսերիզ մը:

Շրջանաւարտներու անգլերէն խօսքը արտասանեց Սիփան Իսկենտերեան, որ յայտնեց, թէ Մեսրոպեան վարժարանը հիմքն էր շրջանաւարտներու կեանքի ուղիին, ուր կազմաւորուեցան մեր մտային կարողականութիւններն ու անհատականութիւնը:

Այս առիթով իր հայրական պատգամը փոխանցեց Գէորգ Ծ. Վրդ. Եղիայեան: Հոգեւոր հայրը ըսաւ, որ Մեսրոպեան վարժարանը լիբանանահայ կրթօճախներուն մէջ կը ներկայանայ որպէս անխորտակելի կաղնի, լուսաշող փարոս եւ կանանչաւէտ ովասիս մը` մարդակերտումի, հայակերտումի եւ քրիստոնէակերտումի:

Ան յայտնեց, որ Մեսրոպեանի ապագան ձգտում ու սլացք մըն է` նուաճումէ նուաճում, յաջողութենէ յաջողութիւն եւ յառաջդիմութենէ յառաջդիմութիւն: Հոգեւոր հայրը մեսրոպեանական շրջանաւարտները այսուհետեւ զինուած են գիտութեամբ, գօտեպնդուած են բարոյական սկզբունքներով, հզօրացած են հայու պատկանելիութեամբ եւ ինքնութեամբ:

Յառաջիկայ տարեշրջանի շրջանաւարտներուն «Մեսրոպեանի վահան»-ի փոխանցումէն ետք տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխում:

Share this Article
CATEGORIES