Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Վարժարանի Շրջանաւարտներու Նոր Փաղանգ Մը
Սուրէն Խանամիրեան վարժարանի միջնակարգի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 25 յունիս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:
Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ «Կոչնագիր սփիւռքահայութեան» ասմունքով, որ նուիրուած է Ցեղասպանութեան 100-ամեակին:
Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցեցան նաեւ նախակրթարանի եւ միջնակարգի տարբեր դասարաններու աշակերտներ` «Սասնայ պար»-ով, անգլերէնով` Շէյքսփիրի «Sonnet 18»-ի արտասանութեամբ, արաբերէն խմբային արտասանութեամբ եւ «Մեսրոպաբոյր» ասմունքով: Ապա շրջանաւարտները դիմաւորուեցան ներկաներուն ծափողջոյններով, եւ բաժնի եզրափակումը կատարեցին «Վերջին զանգ» երգով: Ուղերձները արտասանեցին հայերէնով` Գարէն Պօղոսեան, արաբերէնով` Ռիթա Սարգիսեան եւ անգլերէնով` Վանեսա Շենզեան, որոնք իրենց խօսքին մէջ գլխաւորաբար շեշտեցին, որ այս վարժարանը շէնք ու կառոյց չէր իրենց համար, այլ ոգի ու շունչ, ուր թրծուեցան հայեցի դաստիարակութեամբ ու կերտուեցան` դիմագրաւելու կեանքի խոչընդոտները, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց տնօրէնին, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն:
Ապա տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն եւ մրցանակներ ստացան վարժարանի լաւագոյն միջիններ ապահոված աշակերտները, ինչպէս նաեւ տրուեցան յատուկ մրցանակներ, որոնց կարգին` հայերէնի լաւագոյն միջին ապահոված «Սանդուխտ եւ Հայրապետ Խաչերեան» մրցանքը` Ռիթա Սարգիսեանին գիտական նիւթերու «Ժաք Վէքիլեան» մրցանքը` Կարօտ Պէլեանին եւ տիպար աշակերտի մրցանքը` Յարութ Եագուպեանին, տրամադրուած Խանամիրեանականներու միութեան կողմէ:
Ապա խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Նելլի Վէքիլեան, որ ներկայացուց ամավերջի հանդէսը` որպէս «հաշուետուութեան, հպարտութեան, երախտագիտութեան եւ խոստումի սքանչելի պահ, որ կը վերանորոգուի ամէն տարի»: Ան նաեւ շեշտեց հայ դպրոցի անհրաժեշտութիւնը` հայ դպրոցով հայ մարդ կերտելը, «գինովցնող ու մոլորեցնող ժամանակաւոր, այլ ընթացիկ նուաճումներու դիմաց»: Ինչպէս նաեւ ան խոստացաւ այս երթը շարունակել «Խանամիրեան քոլեճի կրթական համակարգը իր խոստումը կը պահէ միշտ` շարունակելու իրեն վստահուած առաքելութիւնը: Դժուար են օրերը, այո՛, դժուար է կրթական ասպարէզը, այո՛, նիւթապաշտութեան այս ժամանակներուն ապերախտ գործ ընելու զգացում կը տարածուի երբեմն, այո՛, բայց այդ բոլորը ոչինչ են` ի տես մեր շրջանաւարտներու ժպիտին ու վաղուան անոնց նուաճելիք գագաթներուն»: Ան նաեւ վստահեցուց, որ «մեր շրջանաւարտները սպասարկողները պիտի դառնան մեր ժողովուրդին եւ պիտի պաշտպանեն իրենց սիրած այս դպրոցը ամէն փոթորիկի դիմաց»:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց դպրոցին ծնողք դարձած բոլոր պատկան մարմիններուն, բարերարներուն եւ բարեկամներուն, ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն, որոնք օժանդակած են Խանամիրեան քոլեճի աշխատանքներուն եւ վերելքին: Նելլի Վէքիլեան բարի երթ մաղթեց շրջանաւարտներուն:
Ապա տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխում` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, դպրոցի հիմնադիր Սուրէն Խանամիրեանի կնոջ` Միրէյ Խանամիրեանի եւ քոլեճի տնօրէն Նելլի Վէքիլեանի ձեռամբ:
Վկայականներ ստացան` Գայապալեան Արթիւր, Գույումճեան Նորա, Թաշճեան Մհեր, Թոսունեան Էմիլիա, Խաչատուրեան Նաթալի, Խաչերեան Ճորճիկ, Կիւվլեքճեան Անիթա, Յակոբեան Վանայ, Շէնզեան Վանեսա, Պէօյիւքեան Նանոր, Պօղոսեան Գարէն, Սանճօղլանեան Սիլվի, Սարգիսեան Ժանին, Սարգիսեան Ռիթա, Տաքեսեան Ալիս եւ Փամփալեան Սագօ:
Աւարտին իր խօսքը արտասանեց Շահէ եպս. Փանոսեան, որ առաջին հերթին գնահատեց «առատ սերունդը» եւ մաղթեց, որ յառաջիկայ տարիներու հունձքը եւս ըլլայ բարեբեր եւ առատ: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատար կը կանգնին վարժարանի յառաջդիմութեան: Ան շնորհաւորեց շրջանաւարտները` կոչ ուղղելով անոնց յառաջանալու ինքնավստահ կերպով եւ շեշտեց, որ մինչեւ օրս իրենց փոխանցուածը գիրքերէ եւ ուսուցիչներէ տեսութիւններ էին, սակայն այսուհետեւ իրենք են, որ կեանքի փորձառութենէն մեկնելով` պիտի մշակեն իրենց ինքնուրոյն նկարագիրը:

