Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարան. 2013-2014 Կրթական Տարեշրջանի Մեր Հունձքը

2706aksor-(2)Ուրբաթ, 27 յունիս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանը մեր ազգին տուաւ 32 շրջանաւարտներ:

Հանդէսին թեման էր` «Մեր տօները»: Բեմական գեղեցիկ յարդարումը իրագործած էին մանկապարտիզպանուհին եւ ուսուցիչները, որոնց տքնաջան աշխատանքին արդիւնքը քաղեցին ներկաները:

Յայտագիրին մէջ տեղ գտած թատերական ներկայացումը, պարերն ու տարազները, որոնք առնչութիւն ունէին թեմային հետ, մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին ներկաներուն մօտ: Մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի երգչախումբերը ներկայացուցին խմբերգներ` ղեկավարութեամբ Գայեանէ Մարկոսեանի: «Վարդանանց», «Անկախութիւն» նիւթերով ասմունք նեկայացուցին աւարտական դասարանի աշակերտները, ապա յաղթանակի պարը` կատարողութեամբ նոյնինքն վեցերորդ դասարանի կողմէ (պարուսոյց` Արարատ Ճերեճեան):

2706aksor-(1)Յայտագիրի աւարտին Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի տնօրէն Արեգնազ Աղասարգիսեան ներկայացուց հուսկ բանքը: Ան ըսաւ, թէ կրթական կառոյցներու ամավերջի հանդէսները առիթներ են հրապարակային հաշուետուութեան: Ա. Աղասարգիսեան մատնանշեց, թէ 2013-2014 կրթական տարեշրջանին Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած տնտեսական եւ դրացի երկիրներու քաղաքական պայմանները ուղղակի եւ անուղղակի ազդեցութիւնը ունեցան կրթական համակարգին վրայ, ցաւ յայտնելով, որ անհրաժեշտ նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը չկրցան վայելել ծնողներուն եւ նուիրատու կազմակերպութիւններուն, որուն իբրեւ հետեւանք` վարժարանը ենթարկուեցաւ դժուարութիւններու:

Ի տես շրջանաւարտներու այս փաղանգին` ան նշեց, որ ուրախութեան զգացում կը պարուրէ բոլորը, եւ այս վկայականը երաշխիքը պիտի դառնայ ապագային ստանալիք մեծ վկայականին: Ան ըսաւ, թէ յաջողութիւնը կարելի է ձեռք ձգել տքնաջան աշխատանքով: Իր խօսքի աւարտին ան երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր, Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, Գասարճեան ընտանիքին, միութիւններուն եւ բարերարներուն`իրենց բերած աջակցութեան համար:

2706aksor-(3)Շրջանաւարտներու մուտքէն ետք վեցերորդ դասարանի անունով ուղերձ կարդաց Նայելի Մարգէեան: Ան լուսարձակի տակ առաւ ուսուցիչներուն դերը: Ան իր ընկերներուն անունով խոստացաւ բարձր պահել վարժարանին անունը եւ պատուաբեր արդիւնքներ արձանագրել, երախտագիտութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն, որոնք ազգային կրթութիւն ջամբեցին, եւ քրիստոնէական ու հայու շունչով թրծուեցան իրենց հոգիները:

Նախքան վկայականաց բաշխումը` վարժարանի տնօրէնը յայտարարեց, թէ 2014-2015 տարեշրջանի «Աքսոր Գասարճեան» կրթական ֆոնտին արժանացած է Նայելի Մարգէեան:

Հանդէսին օրհնութեան խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց  թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան ըսաւ, որ այս եղանակը բերքահաւաքի եղանակ է: Ազգային վարժարանի հասունցած զաւակները բեմ կը բարձրանան ստանալու համար իրենց տարիներու աշխատանքին վարձատրութիւնը համարուող վկայականները: Այս արդիւնքով մեր միջավայրէն ներս մեր գոյութիւնը կը պահենք, կը մնանք կառչած մեր աւանդներուն, լեզուին: Սրբազան հայրը յայտնեց, որ աշակերտները կրթութիւն ու նկարագիր կը ստանան եւ կը հարստացնեն մեր այգին` դառնալով մեր բուրաստանի ծաղիկները:

Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ դժուարութեան կողքին, պէտք է ուրախանանք այս աշխատանքով: Մեր հաւատքը եւ զոհողութիւնը պէտք է բազմապատկենք: Ան մատնանշեց, որ բարերարներու եւ բարեկամներու ներկայութիւնը ցուցանիշ են հայ վարժարանի հանդէպ ունեցած սիրոյ եւ վստահութեան: Ան շնորհաւորեց շրջանաւարտները, ծնողները, ուսուցիչներն ու տնօրէնութիւնը:

Մանկապարտէզի 2013-2014 տարեշրջանի մեր հունձքը.

Պայքար Քեհեայեան, Սեւակ Գազանճեան, Պայքար Ստեփան, Սեմիր Ապտել Մուիզ, Անթոնի Սահիունի, Սագօ Ղուկասեան, Յովսէփ Գլաֆեան, Գրիգոր Դաւիթեան, Էլի Սահիունի, Մեղրի Օգճաօղլի, Սապին Պիթար, Սոնա Գազանճեան, Վանայ Աւետիսեան, Յասմիկ Քէշիշեան, Աննա Մարիա Ղայլունճեան, Շանթալ Քասիս:

Նախակրթարանի 2013-2014 տարեշրջանի մեր հունձքը.

Քրիստ Ազնիկեան, Ալեքս Մխմելճեան, Ժոզեֆ Վարդանեան, Սագօ Չիչեան, Սահակ Գույումճեան, Ժոզեֆ Մաթլուպ, Յարութ Խաչատուրեան, Շանթ Շմաւոնեան, Նայելի Մարգէեան, Մեղրի Քիւլքեճեան, Կրասիա Այնթապլեան, Ալինա Մելքոնեան, Հելենա Թաննուս, Ժոէլ Գասապեան, Դալար Շառոյեան, Սինթիա Հապիպ:

Share this Article
CATEGORIES