Նոր Կայքէջ Սասնոյ Մասին

Լուսանկարը` Սասուն քաղաքը այսօր

Լուսանկարը` Սասուն քաղաքը այսօր

2014 թուականէն ի վեր համացանցի վրայ կը գործէ Սասնոյ մասին www.sasun.org թրքերէն կայքէջը, որ մանրամասնութիւններով կը ներկայացնէ Սասնոյ անցեալն ու ներկան: Կայքին համահեղինակն է Սոֆիա Յակոբեան: Ան Ծնած է Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւ, 1993-ին: 2004-էն ի վեր կը բնակի Հայաստան: Այժմ կը հետեւի Ե.Պ.Հ.-ի արեւելագիտութեան բաժանմունքի թրքագիտութեան ճիւղին: Սոֆիային ուսումնասիրութիւնները հիմնականօրէն կեդրոնացած են Սասունի հայերուն վրայ:

Share this Article
CATEGORIES