ԷՏԸՄ ՄԻԱՑԱՒ ԼԻՎԸՐՓՈՒԼԻՆ
Լիվըրփուլի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբը ամբողջացուց սկովտիացի միջնապահ Չարլի Էտըմի փոխանցումը` փոխան 32 միլիոն ամերիկեան տոլարի: 25 տարեկան Էտըմ մաս կը կազմէր Պլեքփուլի, որ նախորդ տարեշրջանին փոխադրուեցաւ Ա. դասակարգ:
2009-ին Ռէյնճըրզէն Պլեքփուլի միացած Էտըմ, թէեւ բարձրագոյն դասակարգին մէջ իր ակումբին հետ տպաւորիչ մրցումներ ունեցաւ, սակայն անոր կազմը փոխադրուեցաւ Ա. դասակարգ:
CATEGORIES Մարզական

